2013-09-22 10:29:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գալիարիի Մէջ։
Բանուորական Աշխարհի Անդամներուն Հետ Հանդիպում։


Կիրակի 22 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 7,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գալիարի ուր ժամանեց ''Մարիօ Մամէլի'' օդակայան եւ ուր զինք դիմաւորեցին Քաղաքական եւ Եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ փոխադրուեցաւ Գալիարիի կեդրոնը գտնուող ''Գարլօ Ֆելիչէ'' հրապարակ ուր հանդիպում ունեցաւ բանուորական աշխարհի ներակայացուցիչներուն հետ։ Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսքեր ուղղեցին
բանուորական աշխարհի երեք անդամներ Անոր բացայայտելով իրենց ցաւերն ու մտահոգութիւնները։
Ֆրանչիսկոս Պապը թէեւ գրաւոր ճառ մը պատրաստած էր, մէկդի դրաւ զայն ու սրտափուխ անպատրաստից խօսք մը ուղղեց ներկաներուն որուն մէջ յայտնեց իր մօտիկութիւնը, տնտեսական տագնապալից վիճակի հետեւանքով բոլոր տարապողներուն, ու շեշտը դրաւ աշխատանքի կարեւորութեան վրայ, որ - ըսաւ Ան - մարդու արժանաւորութիւնը կ՛ապահովէ։ Հոն ուր աշխատանք չի կայ, չի կայ արժանաւորութիւն - հաստատեց Քահանայապետը։ Երբ մարդը չի կրնար ապահովել իր առօրեայ հացը, իր ընտանիքի պահանջները, ան կ՛ապրի առանց արժանիքի կեանք մը։ Դրամի կուռքն է որ այսօր կը կառավարէ աշխարհը եւ կը դառնայ կեդրոն, մեկուսացնելով ծերերը, որ անպէտ կը նկատէ եւ երիտասարդները որ անկարող կը դատէ։ Այսպէսով կ՛արհամարուի մարդուն արժանիքը։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ զօրակցութեան կոչ մը ուղղեց ու մաղթեց ''դուրս գալ այս ժխտական կացութենէն'' ու ամէն մէկ անհատ ունենայ արժանավայել եւ ապահով աշխատանք մը, արժանավայել կեանք մը ապրելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ կրկնեց ''մի թողուք որ յոյսը խլեն ձեզմէ''։ Ամէնքս միասնաբար պայքարինք որպէսզի ընտանիքը դառնայ կեանքի կեդրոն, եւ յոյսով ընթանանք յառաջ։ Ան ապա սրտափուխ աղօթքով եզրափակեց հանդիպումը Աստուծմէ հայցելով որ նայուածքը ուղղէ կղզիին վրայ։ Տէր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - քեզի աշխատանք չի պակսեցաւ, դուն ատախձագործ էիր։ Կուռքերը կ՛ուզեն մեզմէ խլել արժանաւորութիւնն ու յոյսը։ Տէր միակ մի թողուր մեզ։ Օգնէ մեզի որ մենք եւս օգնենք մէկը միւսին։ Մեզի տուր աշխատանք ու սորվեցուր աշխատանքի համար պայաքարիլ։ Օրհնէ մեզ Տէր` Յանուն Հօր Եւ Որդւոյ Եւ Հոգւոյն Սրբոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.