2013-09-22 12:19:25

Պոնարիայի Տիրամօր Նուիրագործութեան Աղօթք։


Կիրակի 22 սեպտեմբերին, Գալիարի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գալիարիի Պոնարիայի Տիրամօր Սրբավայրի հրապարակի վրայ, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, գլխաւորեց բացօթեայ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Պատարագէն առաջ, Սրբավայրի Մայր տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւնը հանդիպեցաւ հիւանդներուն։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ`

Այսօր եկած եմ ձեր հետ կիսելու ուրախութիւնն ու յոյսը, յոգնութիւնն ու յանձնառումը, ձեր կղզիի իտէալներն ու ձգտումները եւ եկած եմ ձեզ հաստատելու հաւատքի մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ Սարտէնիայի բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մանաւանդ աշխատանքային գետնի վրայ որ յաճախ աղքատութիւն կը յառաջացնէ։ Այս ուղղութեամբ - ըսաւ Ան - հարկաւոր է համագործակցութիւն հաստատել պատասխանատուներու եւ պատկան իշխանութիւններու միջեւ ամէն մէկ անհատի եւ ընտանիքի ապահովցնելու համար հիմնական իրաւունքերը եւ զարգացնելու համար եղբայրական եւ զօրակից հասարակութիւն մը։
Մօտիկ եմ ձեզի եւ ձեզ կը յիշեմ իմ աղօթքներուս մէջ ու ձեզ կը քաջալերեմ շարունակելու ձեր քրիստոնէական եւ մարդկային արժէքներու վկայութիւնը որ արմատացած է այս հողամասի բնակչութեան հաւատքի եւ պատմութեան մէջ։

''Միշտ վառ պահեցէք յոյսի ճրագը'' յարեց Սրբազան Հայրը, ու ապա անդրադարձաւ իր կատարած ուխտագնացութեան , որպէս շնորհակալութիւն Պոնարիայի Տիրամօր նեցուկին ` ու Անոր հանդէպ սիրոյ եւ վստահութեան նորոգում։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ակնարկեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն ու աղօթքը բարձրացուց Տիրամօր ըսելով` ''Մայր, մեր վրայ ուղղէ հայեացքդ՝ Աստուծոյ առաջնորդող հայեացքը ։ Քու նայուածքդ խաչեցեալ Յիսուս Քրիստոսի պարգեւն է, որ իր վրայ առաւ մեր տառապանքներն ու յոգնութիւնները ինչպէս նաեւ մեր մեղքերը։ Տուր մեզի քու նայուածքդ Մայր, որպէսզի մենք ալ կարենանք հանդիպիլ մեր Հօր որ լի է սիրով։

Քարոզը եզրափակելով Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ ''Չի թողունք որ Տիրամօր հայեացքը գողնան մեզմէ, այն նայուածքը որ գուրգուրանքով լի է, որ մեզի ուժ կը ներշնչէ եւ մեզ` մէկը միւսին հանդէպ զօրակից կը դարձնէ։
Մայր մեզի շնորհէ քու նայուածքդ։


Սուրբ պատարագի արարողութեան աւարտին, Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սարտէնիայի եպիսկոպոսներուն, հաւատացեալներուն, քահանաներուն, կրօնաւոր եւ կրօնաւորուհիներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որ օժանդակեցին առաքելական ճամբորդութեան։











All the contents on this site are copyrighted ©.