2013-09-21 13:15:54

Հռոմի ''Գուրիային'' Հայող Քահանայապետական Անուանումներ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շաբաթ 21 սեպտեմբերին ընդունելով Վերապահեալ Մեղքերը արձակող աւագ Կարտինալ` Մոնդէյրօ Տէ Գասդրոյի հրաժարականը, անոր տեղ անուանեց Կարտինալ Մաուրօ Բիաչէնցան, որ մինչեւ օրըս կը վարեր Կղերի Ժողովի կառավարիչի պաշտօնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա որպէս Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ` վերահաստատեց գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրը եւ անոր քարտուղարը` գերապայծառ Լուիս ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆէրրէրը եւ որպէս քարտուղարի փոխանորդ անուանեց գերապայծառ Ակոսդին Տի Նոյան իսկ որպէս Հաւատոյ Ժողովի խորհրդական անուանեց` գերապայծառ Ճուզեփփէ Շաքքան որ է նաեւ Առաքելական Ատեանի փոխ քարտուղար։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ իր պաշտօնին վրայ վերահաստատեց Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ ֆիլոնին ու վերոյիշեալ ժողովի բոլոր անդամները։

Կղերի Ժողովի ծիրէն ներս Սրբազան Հայրը Գերապայծառ Պէնիամինօ Սդէլլան անուանեց որպէս Կառավարիչ եւ գերապայծառ Եորկէ Գարլոս Բադրոն Ուոնկը անունաեց ''Նորընծայարաններու'' քարտուղար, անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոս։

Սրբազան Քահանայապտը ապա գերապայծառ Նիքոլա Էդէրովիչը, որ մինչեւ օրըս կը վարեր Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդսի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, նշանակեց` Գերմանիոյ Առաքելական Նուիրակ ու անոր տեղ անուանեց գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսէրրին որ մինչեւ օրըս Եպիսկոպոսներու Ժողովի Քարտուղարն էր։

Սրբազան Հայրը հուսկ որպէս Սիէրա Լէոնի առաքելական նուիրակ նշանակեց Միրոս-Աու Ատամչիք Արքեսպիկոպոսը եւ ի վերջոյ որպէս Եկեղեցական Քահանայապետական Ակատեմիայի նախագահ անուանեց գերապայծառ Ճամբիէրօ Կոլտէրը, անոր շնորհելով Արքեպիսկոպոսի տիտղոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.