2013-09-21 13:38:09

Հայաստանի Անկախութեան 22-րդ Տարեդարձին Առիթով Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Հարցազրոյցը։


Ստորեւ՝ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին հարցազրոյցը՝ որ Հայաստանի Անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առիթով լոյս տեսաւ «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ:
1.-Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին կապակցութեամբ ի՞նչ պատգամ կը յղէք մեր ժողովուրդին։

Պատ.- Այսօր, եւ 22 տարիներէ՝ ի վեր ամէն օր, հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը, ամէն հայ,ուր ալ որ գտնուի կ՚ապրի ազատ ու անկախ հայրենիք, անկախ պետականութիւն ունենալու, իր ճակատագրին տէրը ըլլալու անխառն ուրախութիւնը եւ արդար հպարտութիւնը։ Այս ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը միաժամանակ կ՚ենթադրեն յանձնառութիւն, յանձնառութիւն բազում զոհողութիւններու ու զրկանքներու գնով նուաճուած անկախութեան տէր կանգնելու, զայն ամրացնելու եւ բարգաւաճման ու զարգացման մեկնակէտ դարձնելու։ Անկախութեան ձեռքբերման չափ, երբեմն նոյնիսկ աւելի դժուար է զայն պահելն ու պահպանելը։ Անկախութիւնը նուիրական արժէք է, որուն վրայ գուրգուրալու, անկէ ոչ իսկ մազաչափ մը զիջելու, զայն ամբողջական եւ զայն նուաճած ժողովուրդին համար վայելք ու բարիք դարձնելու, անոր արժանավայել կեանք մը ապահովելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք այսօր եւ պիտի շարունակենք գտնուիլ ամէն օր թէ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական մակարդակներու վրայ։ Այս գիտակցութեան արդիւնքն էր անշուշտ անկախութեան յաջորդած 22 տարիներու յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցին բազմաթիւ բնագաւառներէններս տեղի ունեցած զարգացումը, անկախ պետականութեան արձանագրած նուաճումները, որոնց պատմականօրէն յիշարժան գագաթնակէտը հանդիսացաւ Արցախի ազատագրումը։ Այսուհետեւ, հարկ է այդ նուաճումներու գործընթացը առողջ հիմերու վրայ դնել։
Այդ գործընթացին հիմնական գլուխներէն մէկը ժողովրդավարականացումն է իր ճիշդ ու առողջ հասկացողութեամբ։ Ասիկա անկախութեան ամրագրումին հիմնական պայմաններէն մէկն է, որուն կը յաջորդեն ընկերային արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան տիրապետումը։ Ասոնք անխառն կը դարձնեն ժողովուրդին անկախ ըլլալու զգացումը։ Այն թերացումները, տատանումները եւ վրիպումները որոնք նկատուեցան անկախացման յաջորդած երկու տասնամեակներու ընթացքին, բնական էին անկախութեան զօրացման դժուարին ճանապարհին վրայ, եւ ներելի, բայց անոնք ներելի չեն կրնար ըլլալ այսուհետեւ։ Անոնց սրբագրումը ու վերացումը, սակայն, կը կարօտի ամէն հայու անվերապահ եւ ամբողջական օգնութեան ու զօրակցութեան հայրենի պետական իշխանութիւններուն։ Պէտք է ուրախութեամբ հաստատել որ Սփիւռքը միշտ, երէկ ինչպէս այսօր, նաե՛ւ վաղը, այս գիտակցութեամբ կանգնած է Մայր Հայրենիքի ու անոր պետականութեան կողքին, ի խնդիր հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան, երկրի բարգաւաճումին եւ մանաւանդ ամէն անգամ որ հարցը վերաբերած է Հայաստան Հայրենիքի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ապահովումին։ Այս ճշմարտութեան շօշափելի փաստերը բազմաթիւ են։
Ահա այս մտածումներով կ'ողջունենք Հայաստանի վերանկախացման տօնը, մաղթելով որ Տէրը օգնէ համայն Հայութեան համախմբումին ու միաբանութեան, որ նախապայմանն է մեր ապագայ նուաճումներուն։
2.- Ի՞նչ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է սուրիահայ երբեմնի հզօր գաղութը։

ՊԱՏ.- Իրաւամբ հզօր էր սուրիահայ գաղութը իր աւանդապահութեամբ,իր ազգային, մշակութային, հայրենակցական, համայնքային, կրթական կազմակերպութիւններով ու հաստատութիւններով, եւ իբրեւ հայապահպանութեան կռուան, իբրեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայու բեկորներու վերականգնումին վկայութիւն, իբրեւ զինք գիրկաբաց հիւրընկալած արաբ ժողովուրդին հանդէպ իր շօշափելի երախտագիտութիւնը ցուցաբերած տիպար քաղաքացիութիւն։ Այն ինչ որ կը պարտադրուի այսօր համայն սուրիացի ժողովուրդին եւ սուրիահայութեան՝ իրական ողբերգութիւն մըն է։ Անորակելի աղէտ մը։ Կենաց ու մահու պայքար մղելու վրայ է ան այսօր։ Ահա թէ ինչո՛ւ համայն հայութիւնը, Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք լծուած են սուրիահայութեան օգնելու աշխատանքին։ Օգնութիւն թէ՛ հազարումէկ զրկանքներու ու վտանգալից պայմաններու դիմադրելու գնով իրենց ծննդավայրէն չհեռանալ վճռած մեր ժողովուրդի սուրիահայ զաւակներուն,եւ թէ՛ վտանգալից գօտիէն ճողոպրած սուրիահայերուն, որոնք ապաստան գտած են հարեւան երկիրներուն, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ մեր թեմերը անհրաժեշտ ամէն օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքին լծուած են Լիբանան կամ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերուն։ Հայաստանի մէջ, ուր ապաստանած են բաւական մեծ թիւով սուրիահայ գաղթականներ, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Վրաստանի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Գեր. Հայր Ռաֆայէլ արք.Մինասեան բազմատասնեակ սուրիահայ գաղթական ընտանիքներու բնակավայր ապահոված եւ զանոնք իր հոգատարութեան տակ առած է։
Վստահ ենք որ մեր ժողովուրդը յարաճուն թափով պիտի շարունակէ օգնել սուրիահայութեան՝ որպէսզի ան տոկայ եւ հնարաւորին չափ նուազ վնասներով դուրս գայ իրեն պարտադրուած աղիտալի վիճակէն։
3.- Միջին արեւելեան երկիրներու մէջ քրիստոնէական գոյութիւնը վտանգող ահազանգները ի՞նչ աստիճանի հասած են։

ՊԱՏ.- Թէ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան սպառնացող վտանգը ի՞նչ աստիճանի հասած է, վստահ եմ որ կացութեան զարգացումներու մասին ամէնօրեայ լուրերուն հետեւող ոեւէ մարդ պէտք եղած հետեւութիւնները կրնայ հանել։
Շրջանի բոլոր կաթողիկէ եւ ընդհանրապէս հոգեւոր առաջնորդներուն հետ Մենք եւս մեր մտահոգութիւնը յայտնեցինք եւ պահանջեցինք բռնութիւնը բռնութեամբ լուծելու ամէն փորձէ հրաժարիլ, դիտել տալով որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութեան մը շղթայազերծումը ոչ միայն լուծում չի բերեր տագնապին, այլ աւելի կը ծանրացնէ զայն եւ կրնայ յանգիլ աննախատեսելի եւ անդարմանելի հետեւանքներու։
Ինչպէս գիտէք, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ամբողջ հեղինակութիւնը նժարի մէջ դրաւ ընդդէմ զինուորական միջամտութեան մը Սուրիոյ դէմ։ Այս նպատակով, ան մինչեւ իսկ պաշտօնական նամակով մը պահանջեց 20-ներէն հրաժարիլ սուրիական տագնապին զինուորական լուծումի մը որոնումէն։ Ան վատիկանեան բոլոր միջոցներուն օգնութեամբ կոչ ըրաւ ոչ միայն կաթողիկէ աշխարհին, այլ համայն քրիստոնեաներուն, տարբեր կրօնքներու հետեւորդներուն եւ մինչեւ իսկ անհաւատներուն, որպէսզի միանան ծոմապահութեան եւ աղօթքի օրուան որ տեղի ունեցաւ 7 սեպտեմբերին, Ո՛Չ ըսելու համար պատերազմին եւ ԱՅՈ՛ խաղաղութեան։։ Պապին այս կոչը զօրաշարժի ենթարկեց աշխարհի խաղաղասէր բոլոր մարդիկը։ Միեւնոյն նպատակով, Ան ասուլիսի մը հրաւիրեց Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած բոլոր օտար դիւանագէտները,որոնց ուղղելով իր խօսքը, Սուրբ Աթոռի արտաքին գործոց նախարարը, Տոմինիք Մամպերթի եպիսկոպոս, անրադառնալով քիմիական զէնքերու հաւանական գործածութեան մասին,ըսաւ թէ նմանեղելութեանց դիմաց կարելի չէ լռել եւպատասխանատուները պէտք է հաշիւ տան արդարութեան։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խաղաղասիրական այս բուռն □յարձակողականը□ յիշեցուց երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին կտրուկ Ո՛Չ-ը Իրաքի դէմ ամերիկեան զինուորական գործողութիւններուն 2003-ին։
Ինչպէս նկատել տուաւ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին կառավարիչը, Կարդինալ Սանտրի, որ խօսելով Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւն մը արդարացնելու փորձերու մասին ըսաւ թէ հոն ուր ոճիրներ գործադրուած են հարկաւոր է դիմել միջազգային ատեաններու, որոնց պաշտօնն է ստուգել, անյիշաչարօրէն դատել եւ ի հարկին դատապարտել, փոխանակ վրէժխնդրական բռնութեան տրամաբանութեամբ առաջնորդուելու։
Մաղթենք, յուսանք եւ աղօթենք որպէսզի սուրիական տագնապը իր լուծումը գտնէ երկխօսութեան սեղանին շուրջ, բանակցութիւններու ճամբով, որպէսզի առաջքը առնուի մարդկային յաւելեալ կորուստներու ու աւերներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.