2013-09-21 08:42:16

Երեւանն ու Հռոմը Պիտի Համագործակցին Մշակոյթի, Զբօսաշրջութեան եւ Առողջապահութեան Ոլորտներուն Մէջ:


Պաշտօնական այցելութեամբ Հռոմ գտնուող Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Սեպտեմբեր 19-ին հանդիպած է Իտալիոյ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Փիեռֆերտինանտօ Գազինիի հետ եւ քննարկած տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-իտալական փոխգործակցութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են միջխորհրդարանական, ապակեդրոնացած, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան շուրջ, կարեւորհամարած խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:
Անոնք անդրադարձած են սուրիական ճգնաժամի հանգուցալուծման ուղիներուն, Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ բանակցային գործընթացին:
Ծերակուտական Գազինիի խնդրանքով նախարար Նալպանտեան ներկայացուցած է ԼՂ խնդիրի կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:
Նոյն օրը Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում ունեցած է Հռոմի քաղաքապետ Ինեացօ Մարինոյի հետ:
Զրոյցի ընթացքին անոնք անդրադարձած են շուրջ երեքհազարամեայ պատմութիւն ունեցող երկու մայրաքաղաքներու` Երեւանի եւ Հռոմի միջեւ համագործակցութեան հաստատման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն:
Կողմերը կարեւոր համարած են Հռոմի եւ Երեւանի մէջ համատեղ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպումը, որ զրուցակիցներու համոզմամբ լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներու մէջ Երեւանի եւ Հռոմի միջեւ հնարաւոր համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Հռոմի մէջ նախարար Նալպանտեան հանդիպած է Իտալիոյ Ծերակոյտի եւ Պատգամաւորներու պալատի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամներուն հետ: Նախարար Նալպանպեան գոհունակութեամբ նշած է, որ Իտալոյ խորհրդարանին մէջ 100-էն աւելի անդամ ունեցող Հայաստանի հետ բարեկամութեան պատգամաւորական խումբը կարեւոր ներդրում կրնայ ունենալ հայ-իտալական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ:
Էդուարդ Նալպանտեան իտալացի խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի մօտեցումները միջազգային եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ եւ պատասխանած անոնց բազմաթիւ հարցերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.