2013-09-21 11:36:00

Եղբայր Թոմմազօյի Երանացման Արարողութիւնը


Շաբաթ 21 սեպտեբերին երեկոյեան ժամը 5-ին, Իտալիոյ Պէրկամօ քաղաքի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ , տեղի կ՛ունենայ եղբայր Թոմմազօ Տա Օլէրայի երանացման արարողութիւնը զոր կը գլխաւորէ Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ՝ նախագահը սուրբերու դատի ժողովին։
Թոմմազօ Աչէրպիս ծնած է 1563 թուականին, Օլէրա կոչուած գիւղին մէջ, մանկութեան օրերէն ծնողքին հետ միասին զբաղած է պարտիզպանութեամբ եւ ոչխարներու արածութեամբ, որովհետեւ իր բնակած գիւղին մէջ դպրոց չի կար։
1580 թուականին , 17 տարեկանին, Եղբայր Թոմմազօ Աստուծոյ կոչումի ձայնին հետեւելով կը մտնէ Վէրոնայի Գաբուչինուներու վանքը իբրեւ աշխհարական եղբայր։
1605 ին եղբայր Թոմմազօ կը տեղափոխուի Վիչէնցա քաղաքը եւ հոն կը նպաստէ
Սուրբ Յովսէփի վանքին շինութեան ինչպէս նաեւ Րովէրէթօ քաղաքին մէջ Սուրբ Գարլոյի վանքին շինարարութեան աշխատանքներուն։
Եղբաղր Թոմմազօյի համբաւը կը տարածուի ամենուրէք ։ 1619 ին Թիրոլօյի արքիդուքս՝ Լէոբոլտօ Ե. իր մօտը կը հրաւիրէ զայն ու անոր կը շնորհէ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօնը։ Այսպէսով՝ Եղբ. Թոմմազօ կապի մէջ կը մտնէ բարձր աստիճանի պատկանող քաղաքական անձաւորութիւններու հետ, պահպանելով իր մէջ հեզութեան եւ աղքատութեան հոգին ։
Ան ժողովուրդի կողմէ կը կոչուի ''առանց կապայի վարդապետ'', կը շարունակէ քարոզել աւետարանը, կապեր հաստատելով աղքատին եւ հարուստին հետ։
Եղբայր Թոմմազօյի համբաւը կը տարածուի մինչեւ Ավստրիա ուր Վէյմր եւ Էվա Մարիա դուքսերը դարձի կու գան եւ կ՝ընդունին քրիստոնէական կրօնքը։ Էվա Մարիա իշխանուհին, ծանօթանալէ ետք եղբ Թոմմազօյի, ինչքերը կը ծախէ եւ զանոնք կը նուիրէ աղքատնեուն ու կը մտնէ Նոննպէրկի վանքը։
Եղբ. Թոմմազզդօ հրատարակած է շարք մը հոգեւոր գիրքեը պայքար մղելով հերետիկոսութեան դէմ։
3 մայիսի 1631- ին եղբ Թոմմազզօ հոգին կ՝աւանդէ առ Աստուած եւ անոր մարմինը կը զետեղուի Իննսպրուքի Գաբուչիներերու եկեղեցւոյ մէջ։
30 Յուnւար 1906 ին երեկոյեան՝ թոքախտի հիւանդութենէ տառապող անձի մը ընտանիքը, Եղբ Թոմմազօյի պատկերին առջեւ կը հայցէ անոր բարեխօսութիւնը եւ հիւանդը հրաշքով կը բժշկուի։10 մայիս 2012ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ստորագրեց Եղբ Թռմմազօյի Երանացման հրամանագիրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.