2013-09-21 09:02:48

21 Սեպտեմբեր 1991. Հայաստանի Անկախութեան Ամրապնդման Հրամայականը՝ Հանրաքուէէն 22 Տարի Ետք


Նազարէթ Պէրպէրեան։
Սեպտեմբեր 21-ին, ամէն տարի, ահա՛ 22 տարիներէ ի վեր, Հայաստանի անկախութեան փաստն ու խորհուրդը ազգային հպարտութեան խորագոյն ապրումներով կը համակեն հայ մարդոց միտքն ու սիրտը։
Աշխարհով մէկ՝ քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր հայօճախները, հայ մարդը այս օրերուն կը տօնէ ու կը վերյիշէ 1991 թուի Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէն, որ Խորհրդային Հայաստանի քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 99 տոկոսի միահամուռ ձայնով՝ «Այո՛» պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ անկախ հանրապետութիւն հռչակելու Հանրաքուէի միակ հարցումին։
Բառացիօրէն այդպիսի՛ն էր բանաձեւումը 21 Սեպտեմբերի հանրաքուէով համաժողովրդային դատաստանին ներկայացուած Մեծ Հարցին եւ, ի փառս Հայաստանի ու հայութեան, հայրենի մեր ժողովուրդը իր 99 տոկոսով՝ գրեթէ ամբողջական միաձայնութեամբ ընտրեց Հայաստան Աշխարհի ու հայոց պետականութեան վերանկախացման ուղին։
Միայն պատմական ճշգրտութեան սիրոյն չի կատարուիր Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէին քաղաքական նշանակութեան եւ գաղափարական կիզակէտին վերաբերեալ այս յստակացում-յիշեցումը։ Կ’առաջադրէ ազգային-քաղաքական լիարժէք ընկալումն ու նուիրագործումը Հայաստանի անկախութեան ի խնդիր հայրենի հայութեան, նաեւ՝ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կատարած ընտրանքին՝ Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէի արժէքին ու պատգամին։
Չմոռնա՛նք, որ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ռազմավարութեան շատ ծանր, բայց անհարկի տուրք տալով հասանք Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէի յաղթանակին. Մայիս 1990-ի խորհրդարանական ընտրութիւններով եւ անոնց հետեւած իշխանափոխութեամբ պետական ղեկի հասած նորայայտ ուժերը չուզեցին առաջնորդուիլ Հայաստանի անկախութիւնը վերականգնելու ռազմավարութեամբ եւ, հակառակը, փաստօրէն պարտադրեցին Խորհրդային Միութենէն անջատուելու ռազմավարութիւնը, իբրեւ Հայաստանի անկախութեան հասնելու միակ ուղի…
Չմոռնա՛նք, որ Հայաստանի վերանկախացման երթը ղեկավարող քաղաքական ուժերը՝ ՀՀՇական իշխանութիւնները անտեսեցին, որ զիրենք իշխանութեան գլուխ հասցնող խորհրդարանը (խորհրդային բառամթերքով՝ Գերագոյն Խորհուրդը), 23 Օգոստոս 1990-ին հաստատուած Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագրով, որոշած էր քալել 28 Մայիս 1918-ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ անոր ծնունդ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան հունով։
Չմոռնա՛նք, վերջապէս, որ ազգային-քաղաքական այդ անտեսումին հետեւեցաւ սաստկացումը հակախորդային անջատողական պայքարին, որուն Հայաստանն ու հայութիւնը ծանր գին վճարեցին Արցախեան ազատամարտի ճակատներուն վրայ, ատրպէյճանական հարուածներուն կողքին նաեւ խորհրդային կեդրոնական իշխանութեանց պատժական հակադարձութեանց տակ իյնալով։
Սեպտեմբեր 21-ի Հանրաքուէին 22րդ տարեդարձին առիթով կը վերյիշենք ազգովին մեր կըտրած ուղիին այդ փշոտ անցքերը, որպէսզի Հայաստանի վերանկախացման եւ 1918-ի Մայիս 28-ին հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-ժողովրդավարական աւանդոյթի վերականգնման Մեծ Քայլի իր իմաստով, արժէքով եւ փառքով տօնենք մեր ժողովուրդին 99 տոկոսի միահամուռ «Այո՛»ն՝ ի սպաս Հայաստանի ազատ ու անկախ պետականութեան ամրապնդման երթին։
Կ’արժէ վերյիշել, որպէսզի մեր այսօրուան քայլերուն եւ վաղուան ընտրանքներուն մօտենանք հայ ժողովուրդի կենսափորձին եւ սորված դասերուն ամբողջական գիտակցութեամբ։
Որպէսզի բնաւ մտահան չընենք, որ՝
- Մեր ժողովուրդը, յանուն Հայաստանի անկախութեան, պատրաստ է ամէն զոհաբերութեան, անգամ գերագոյնին։ Նոյնիսկ երբ անկախութեան առաջին տարիները ծանր զրկանքի եւ ծայրայեղ աղքատացման մատնեցին մեր ժողովուրդին, «խորհրդային ժամանակներու կարօտախտ» դրսեւորելով հանդերձ, դարձեալ ազգովին մենք կառչած մնացինք անկախութեան երթը ամէն գնով յառաջ մղելու հաւաքական ուխտին ու յանձնառութեան։
- Եթէ աւելի քան միլիոն հայերու արտագաղթ տեղի ունեցաւ եւ զգալապէս դատարկուեցաւ Հայաստանը, պատճառը միայն սովն ու անապահովութիւնը չէին, որքան համաժողովըրդային ընդվզումն էր արագօրէն եւ վայրագօրէն յղփացող իշխանաւոր վերնախաւի մը կազմաւորման եւ անոր բռնիշխանական վարքագծին անարդարութեան դէմ։
Այս բոլոր առումներով՝ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման տօնը՝ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի դարակազմիկ Հանրաքուէին 22րդ տարեդարձը կը դիմաւորենք դժուարին պայմաններու մէջ՝ խառն մտածումներով ու անձկութեան ծանր մթնոլորտով։
Հայ ժողովուրդը անկասկա՛ծ ամէն հիմք ունի այսօր հպարտութեամբ տօնելու Սեպտեմբեր 21-ի Անկախութեան Հանրաքուէի տարեդարձը։
Հայաստանն ու հայութիւնը, Սեպտեմբեր 21-ի Մեծ Քայլով, կրցան նուաճել Իրաւական եւ Ժողովրդավարական կայացման ու ինքնահաստատման Ուղին՝ յանուն Հայաստանի ազատ ու անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին։
Ինչպէս 22 տարի առաջ, նաեւ այսօր մեր ժողովուրդը – եւ աւելիո՛վ – ոչ մէկ կասկած ունի, որ 21 Սեպտեմբեր 1991-ի Անկախութեան Հանրաքուէին ժամանակ ճիշդ քայլ նետեց, երբ միաձայնութեամբ «Այո՛» պատասխանեց Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս գալու եւ անկախ ապրելու պատմական հարցադրումին։
Անկախութեան 22 տարիները իրապէս շատ դժուար եղան։ Խորհրդային փլուզուող կայսրութենէն մեր ժողովուրդը ժառանգեց անդամալոյծ եւ սնանկացած տնտեսութիւն մը, որ հասարակափոխութեան դաժան պայմաններուն մէջ ուղղակի անտիրութեան, ծայրայեղ չքաւորութեան եւ ապագայի անորոշութեան մատնեց հայրենի հայութիւնը։
Առարկայական այդ դժուարութեանց վրայ գումարուելու եկան նորանկախ մեր պետականութեան կառավարման ղեկը ստանձնած քաղաքական ուժերուն գործած քաղաքական եւ ընկերա-տնտեսական ծանր սխալները, որոնց հետեւանքով անարդարութիւնը համատարած բնոյթ ստացաւ մեր կեանքին մէջ՝ աւելի քան մէկ միլիոն հայերու արտագաղթին յաւելեալ թափ տալով, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ մեր օրերը։
Այդ բոլորով հանդերձ՝ մանուկ մեր անկախութիւնը արդէն 22 տարեկան կը դառնայ այսօր, Ազգի եւ Հայրենիքի Պետական Տունը արդէն տոկացած է ժամանակի քննութեան, հիմնական նուաճումներ արձանագրած է եւ իր տեղը գրաւած է ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու քաղաքացիական կենսունակութեամբ լծուած է անցեալի ընկրկումները յաղթահարելու եւ վաղուան պայծառ գալիքը նուաճելու զօրաշարժին։
Աւելի՛ն. նոր ժամանակներու մէջ առաջին անգամ ըլլալով, հայ ժողովուրդը իր երկու՝ հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբա՛ր կը դիմագրաւէ անփոխարինելի մեր անկախութեան ամրապնդման եւ հայոց պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները։
Ինչպէս կ’ըսեն, պայքարը դեռ մեր առջեւն է եւ այնքան ալ հարթ չէ Ազատ ու Անկախ, մանաւանդ նաեւ Միացեա՛լ Հայաստանի կերտման ուղին։
Իսկ վաղուան մեր երթին յաղթական ընթացքը ապահովելու համար, կենսական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ կտրուած ուղիին ճիշդ գնահատումը, անցեալի դասերէն օգտուելու՝ սխալները չկրկնելու եւ յաջողութիւնները ամրապնդելու իմաստութիւնը։
Ի վերջոյ մտահան չենք կրնար ընել յատկապէս այսօ՛ր մեր երկրին ու ժողովուրդին վրայ սաստկացող արտաքին ճնշումը՝ իր ազատութենէն ու անկախութենէն զիջումներ կատարելու այս կամ այն Արձանագրութեանց եւ Պայմանագիրներու միանալու ճամբով։
Ոչ ալ անտեսելու Հայոց Պետական Տան ղեկը ստանձնած իշխանաւոր ուժերու դեդեւումները արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ՝ մեր ազատութեան ու անկախութեան հետ ուղղակիօրէն աղերս ունեցող քայլերն անգամ առանց մեր ժողովուրդին հաւանութեան արժանացնելու յառաջ մղելու կամակորութեամբ։

Քաղուած` ''Եռագոյն'' օրաթերթէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.