2013-09-20 12:34:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Կաթողիկէ Բժիշկներուն Հետ Հանդիպում ։


Ուրբաթ 20 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Հունգարիոյ նախագահ` Տիար Եանոս Ատէրի, անոր կոակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Հոնտուրասի նախագահ` Տիար Բորֆիրիօ Լոպօ Սոզայ ու անոր ընկերացող շքխումբը, հուսկ ժամը 12-ին, Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կաթողիկէ Բժիշկներու Ընկերակցութիւններու Միջազգային Դաշնակցութեան Անդամներուն որ Հռոմի մէջ գումարած են իրենց ընդհանուր ժողովը։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ կնոջ առաջնահերթ առաքելութեան վրայ որ է ''մայրութիւնը''։ Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց երեք խորհրդածութիւններ հայող բժշկական գործունէութեան, ժամանակակից աշխարհի մէջ։ Ան անդրադարձաւ մշակութեային ''մոլորումի'' մասին որ շատ անգամ կ՛անտեսէ ու կ՛անարգէ կեանքը ու հաստատեց թէ բժշկի կէտնպատակը ըլլալու է միշտ կեանքին պաշտպանութիւնն ու անոր զարգացումը։
Սրբազան Հայրը ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ դիրքին` հաստատելով թէ մարդ էակի առաջին եւ հիմնական իրաւունքը անոր կեանքն է ու անոր արժանաւորութիւնը աւելի արժէք ունի քան որեւէ ուրիշ բան եւ ասոր համար է որ վերջին տարիներուն մարդկային կեանքի հանդէպ ուշադրութիւնը դարձած է Եկեղեցւոյ վարդապետութեան առաջնահերթութիւն` յատկապէս անպաշպաններու կեանքը ինչպէս անկարներունը, հիւանդներունը, մանուկներունը, սաղմերունը, եւ ծերերունը։
Իսկ երրորդ խորհրդածութեան որպէս նիւթ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առաջարկեց ըլլալ '' կեանքի մշակոյթի վկաներ'', որպէս քրիստոնեաներ եւ որպէս կաթողիկեներ, Նոր աւետարանումի ճանապարհով որ շատ անգամ կը պահանջէ հակահոսանք ընթացք։
Տէրը ձեր վրայ կը վստահի ''կեանքի աւետարանի'' հռչակումի առաքելութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա խօսքը եզրափակեց յիշեցնելով թէ մարդկային կեանքը ամէն իր հանգրուաններուն մէջ սաղմէն մինչեւ մահ նուիրական է։ Ոչ մի կեանք աւելի արժէքաւոր է միւսէն հաստատեց Քահանայապետը եւ առողջապահական համակարգի հաւաստիութիւնը չի չափուիր միային արդիւնաւէտութեան համաձայն այլ յատկապէս մարդկանց հանդէպ ցուցաբերուած ուշադրութեան ու սիրոյ վրայ հիմնուելով։
Բնաւ մի անտեսէք աղօթքը Տիրոջ ու Տիրամօր, լաւագոյն կերպով կատարելու ձեր աշխատանքը եւ քաջութեամբ վկայելու կեանքի աւետարանը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը աւարտելով ու ներկաներուն ջամբելով իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.