2013-09-20 13:33:05

Իտալիան Հետամուտ Է Հայաստանի Հետ Համագործակցութիւնը Զարգացնելու


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Սեպտեմբեր 18ին ընթացք առած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Իտալիա: Նոյն օրը ան հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Էմմա Պոնինոյի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, շնորհակալութիւն յայտնելով իր իտալացի գործընկերոջ՝ Հռոմ այցելելու հրաւէրին համար, նախարար Նալբանդեան նշած է, որ հայ-իտալական յարաբերութիւնները ունին հազարամեակներու պատմութիւն՝ յիշարժան փոխադարձ բարեկամութեան դրսեւորումներով եւ բարի աւանդութիւններով լի, ինչ որ լաւ հիմք է փոխգործակցութեան առաւել ամրապնդման եւ խորացման համար:
Նախարար Պոնինոն յայտնած է, որ Իտալիան մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ համակողմանի համագործակցութեան առաւել զարգացմամբ եւ պատրաստ է գործօն քայլերու ձեռնարկելու այդ ուղղութեամբ:
Նախարարներ քննարկած են տարբեր բնագաւառներու մէջ երկկողմանի համագործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւնները: Անոնք կարեւոր նկատած են բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները, քաղաքական երկխօսութեան խթանումը, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդատուութիւններու կայացումը, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ փոխգործակցութեան սերտացումը:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշած են, որ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ամպարնդման համար առկայ է համապատասխան իրաւապայմանագրային դաշտ եւ տնտեսական կապերու աշխուժացման միտում: Երկուստեք կարեւոր նկատած են գործարար համաժողովներու կազմակերպումը: Քննարկուած է 2015ին Միլանոյի մէջ կայանալիք համաշխարհային ցուցահանդէսին Հայաստանի մասնակցութիւնը:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Էմմա Պոնինոն անդրադարձած են Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ միջխորհրդարանական, ապակեդրոնացեալ, մշակութային, կրթական եւ գիտական բնագաւառներուն մէջ հաստատուած համագործակցութեան: Քննարկուած են նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ փոխգործակցութիւնը:
Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութենէն մեկնած՝ միտքեր փոխանակուած են ԵԽ օրակարգային հարցերու շուրջ:
Իտալացի գործընկերոջ խնդրանքով՝ Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը: Անոնք միտքեր փոխանակած են սուրիական ճգնաժամի հանգուցալուծման նպատակով գործադրուող ջանքերուն, Իրանի հիւլէական ծրագիրի շուրջ բանակցային գործընթացին վերաբերեալ:
Նոյն օրը նախարար Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Մաուրոյի հետ: Անդրադարձ կատարուած է պաշտպանական ոլորտին մէջ հայ-իտալական համագործակցութեան, նախորդ տարի Երեւանի մէջ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուած համապատասխան համաձայնագիրէն բխող պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:
Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարը վերահաստատած է իտալական ռազմական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ հայ սպաներ վերապատրաստելու իտալական կողմին պատրաստակամութիւնը: Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ էր նաեւ միջազգային խաղաղապահ գործողութիւններու մէջ հայ-իտալական համագործակցութեան կարելիութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.