2013-09-20 10:31:04

Աստուծոյ Արքայութիւնը


Յիսուսի առաջին խօսքերը պարզ են, եւ սակաւաթիւ են. Յովհաննէս Մկրտիչի խօսքերուն կը նմանին:
«Ժամանակը հասած է, մօտ է Աստուծոյ Արքայութիւնը. ապաշխարեցէք եւ հաւատացէք Աւետարանին»:
Պարզ բառեր եւ իրենց չափաւորութեամբն իսկ անհասկնալի: Հասկնալու համար զանոնք պէտք է որ մեր խօսակցական լեզուին թարգմանել, լեցնել զանոնք իրենց յաւերժօրէն կենդանի նշանակութեամբը:
Ժամանակը լրացած է, սպասուած, մարգարէացուած եւ աւետուած ժամանակը: Յիսուս կ՛ըսէր թէ թագաւոր մը պիտի գայ շուտով` հիմնելու նոր թագաւորութիւնը, երկնքի թագաւորութիւնը: Թագաւորը եկաւ եւ կը յայտարարէ թէ թագաւորութեան դռները բաց են: Ան երկնային փառքին բոլոր պայծառութեամբը թագաւոր ըլլալէ առաջ` Առաջնորդ է, Ճանապարհ է:
Այս ժամանակը Տիբերիոսի թագաւորութեան ճիշդ տասնհինգերորդ տարին չէ: Յիսուսի ժամանակը` է այժմ եւ միշտ, յաւիտենականութիւնն է, վայրկեանը իր երեւումին, վայրկեանը իր մահուան, վայրկեանը իր վերադարձին, վայրկեանը իր կատարեալ յաղթանակին: Ժամանակը լրացած է ամէն վայրկեան. յաւիտենականութիւնը չ՛ընդունիր նշաններ եւ ժամանակագրութիւններ: Ամէն անգամ որ մարդ մը կը ջանայ մտնել թագաւորութեան մէջ, հաստատել զայն, հարստացնել, պաշտպանել, հռչակել անոր յաւերժական սրբութիւնը եւ մշտնջենաւոր իրաւունքը հանդէպ ստորադաս թագաւորութիւններու, որովհետեւ թագաւորութիւնները մարդկային են եւ ոչ աստուածային, երկրաւոր եւ ոչ երկնաւոր, այն ատեն ժամանակը միշտ լրացած է: Այս ժամանակը կը կոչուի Յիսուսի թուականը, քրիստոնէական թուականը: Ժամանակը լրացած է. այսօր ալ ժամանակներու լիութեան մէջ ենք: Յիսուս հիմա ալ մեզ կը կանչէ. երկրորդ օրը դեռ անցած չէ. թագաւորութեան հիմնարկէքը հազիւ սկսաղ է: Մենք` որ դեռ կենդանի ենք, այս տարուան մէջ, այս դարուս մէջ, մենք` ողջերս կրնանք մաս կազմել այս թագաւորութեան, մտնել հոն, ապրիլ հոն, վայելել զայն: Թագաւորութիւնը մեռած յիշատակ մը չէ. թագաւորութիւնը այսօրուան է, վաղուան, մշտնջեան: Ապագայի իրականութիւն մը, լեցուն ապագայով, կենդանի, ներկայ:
Ի՞նչ է ուրեմն թագաւորութիւնը: Պէտք չէ երեւակայել զայն իբր նոր դրախտ մը, իբր արկադիա մը տաղտկալի երազներու, իբր անսահման տեղ մը, ուր ովսաննա կ՛երգեն ոտքերնին ապերուն վրայ, եւ գլուխնին աստղերու միջեւ:
Աստուծոյ թագաւորութիւնը` Քրիստոսի խօսքերուն մէջ` հակադրութիւնն է սատանայի թագաւորութեան, Երկնքի թագաւորութիւնը` երկրի թագաւորութեան: Սատանային թագաւորութիւնը չարին թագաւորութիւնն, խաբէութեան, անգթիւթեան, ամբարտաւանութեան. ստորին թագաւորութիւնը: Ուրեմն Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը նշանակէ թագաւորութիւնը բարիի, անկեղծութեան, սիրոյ, խոնարհութեան. բարձրին թագաւորութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.