2013-09-19 15:50:11

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Պատգամը Մեքսիքոյի Մրրիկի Չոհերուն


Ի լուր Մեքսիքոյի մէջ պատահած զօրաւոր փոթորիկի հետեւանքով 80 մեռեալներուն եւ հարիւրաւոր վիրաւորներուն, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է, Կարտինալ Պերթոնէի ստորագրութեամբ, Մեքսիքոյի Կուատալայարա թեմին Արքեպիսկոպոս եւ Մեքսիքոյի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` ֆրանչիսկոս Րոպլէս Օրդէկային։
Սրբազան հայրը պատգամին մէջ յատնած է իր ցաւակցութիւնները զոհերու ընտանիքներուն ինչպէս նաեւ յայտնած է իր հոգեւոր նեցուկը վիրաւորներուն ու բոլոր անոնց որ իրենց տուներն ու ինչքերը կորսնցուցին փոթորիկին պատճառով զանոնք յանձնելով Կուատալուփի Տիրամօր մայրական խնամքին։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հայցած է Աստուծոյ սփոփանքը ջրհեղեղի զոհ բնակչութեան համար ու ներշնչում` բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց մէջ յարուցելու եղբայրական զօրակցութեան ու համագործակցութեան օգնելու համար յուսահատութեան եւ տառապանքի մէջ ապրողները։







All the contents on this site are copyrighted ©.