2013-09-19 14:04:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը: Նորօծ Եպիսկոպոսներու Հետ Հանդիպում։


Հինգշաբթի 19 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լիթուանիոյ Վարչապետ` Տիար Ալկիրտաս Պուդքէվիչիուսը, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը։ Ժամը 11,30-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Սդանիզլաւ Րիլքոյի հետ, իսկ ժամը 12,30-ին Գլեմենդինա սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի նախաձեռնութեամբ` նորօծ եպիսկոպոսներու համար կազմակերպուած համաժողովի մասնակից 120 եպիսկոպոսներուն։ Ունկնդրութեան ներկայ էին նաեւ Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Մարք Ուելլէ եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կառավարիչ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին եւ Մանիլայի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ-ն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ողջունելէ ետք ներկաները անդրադարձաւ Պետրոսի առաքելական թուղթի խօսքերուն` ''Հովուեցէք Աստուծոյ հօտը որ ձեզի յանձնուած է, հսկեցէք ո՛չ իբրեւ ստիպումով, այլ սիրով, Աստուծոյ կամքին համաձայն, ոչ թէ տիրելով անոնց որոնք իբրեւ բաժին ձեզի յանձնուած են, այլ օրինակ հանդիսացէք Հօտին (Պետրոս - Ա. Թուղթ 5,2) ''։ Սուրբ Պետրոսի այս խօսքերը թող դրոշմուին ձեր սրտերուն մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - մենք կանչուած ենք ըլլալու Հովիւներ ոչ թէ մեր այլ Տիրոջ կամքով եւ ոչ թէ մենք մեզի ծառայելու այլ հօտին որ մեզի յանձնուած է, մինչեւ Բարի Հովիւ` Քրիստոսի նման, մեր կեանքը նուիրենք անոնց համար։
Այս խօսքերէն մեկնելով Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց երեք նիւթերու շուրջ։ Մեծահոգիութեամբ ընդունիլ, Քալել հօտին հետ միասին ու մնալ անոնց կողքին։ Ձեր սրտերը թող ըլլան այնքան լայն որ կարողանան ընդունիլ ձեր ճանապարհի վրայ հանդիպած բոլոր այրերն ու կիները։ Քալեցէք ձեր հօտին հետ միասին անոնց ուրախութիւնները, ցաւերը, դժուարութիւններն ու յոյսերը կիսելով, որպէս եղբայրակիցներ ու բարեկամներ ու մանաւանդ որպէս հայրեր որ կարող են ունկնդրել, հասկնալ, օգնել եւ առաջնորդել։ Եւ այս կը պահանջէ սէր։ Գուրգուրանք ձեր վարդապետներուն հանդէպ։ Յարատեւ ներկայութիւն ձեր թեմերուն մէջ, խոնարհութիւն, առանց ասպարեզային ձգտումներու։ Որովհետեւ Հաւատոյ հռչակումը կը պահանջէ ուսուցմունքներու համապատասնխան ապրելակերպ։ Մնալ հօտին հետ կը նշանակէ լաւապէս ճանչնալ զանոնք ու յարատեւ շփումի մէջ ըլլալ անոնց հետ։ Մի ըլլաք ''օդակայաններու'' եպիսկոպոսներ - հանդիմանեց Սրբազան Հայրը - ու մնացէք հաստատօրէն ձեր հօտին մօտ։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ խօսքը եզրափակեց ներկայ եպիսկոպոսներէն խնդրելով որ երբ իրենց թեմերը վերադառնան իր յատուկ ողջոյնը փոխանցեն իրենց քահանաներուն, նուիրեալ անձերուն, նորընծաներուն, եւ բոլոր հաւատացեալներուն ու ապա անդրադառնալով երկու Սուրիացի եպիսկոպոսներու ներկայութեան ըսաւ` ''միասնաբար Աստուծմէ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը։ Խաղաղութիւն Սուրիոյ, խաղաղութիւն Միջին Արեւելքին, խաղաղութիւն աշխարհին։ Աղօթեցէք ինծի համար, ես ալ կ՛աղօթեմ ձեզի համար - ըսաւ Քահանայապետը - ու ջամբեց իր առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.