2013-09-19 12:11:43

Սուրիացի Քրիստոնեաները՝ Իսլամ Ծայրայեղականներու Թիրախ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սեզար Շլալա «Ուիփ» կայքին վրայ կը գրէ, որ սուրիացիներ նախապէս կը հպարտանային քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ առկայ խաղաղ համակեցութեամբ, սակայն հիմա իրականութիւնը փոխուած է։ «Քաթոլիք Անլայն» կայքին համաձայն՝ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներ մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուին ու կը պարտադրուին երկիրէն փախուստ տալու:
Քրիստոնեաներ չեն ուզեր բացայայտօրէն իշխանութեանց կողմնակցիլ, սակայն կը շարունակեն թիրախ մնալ իսլամ ծայրայեղականներուն, որոնք Սուրիական ազատ բանակի շարքերը կ՛ամրապնդեն։ Այս զարգացումը նորութիւն մը չէ, որովհետեւ քրիստոնեաներ արդէն իսկ որոշ ատենէ մը ի վեր այս հակամարտութեան մէջ թիրախի վերածուած են, սակայն հիմա երեւոյթը աւելի շեշտակի դարձած է, որովհետեւ իսլամականները նախ քրիստոնեաները, ապա նաեւ անոնց եկեղեցիներն ու սրբատեղիները յարձակման թիրախ կը դարձնեն։
Շլալա կը գրէ, որ եթէ Իսրայէլ քրիստոնէութեան օրօրոցն է, ապա Սուրիան անոր մանկամսուրն է։ Քրիստոսի հետեւորդները Դամասկոսի մէջ էր, որ առաջին անգամ քրիստոնեայ կոչուեցան։ Քրիստոնեաներ երկարատեւ ներկայութիւն մը ունին այս պետութեան մէջ: Սուրիական վարչակարգի իշխանութեան ներքեւ քրիստոնեաներուն հանդէպ հանդուրժողականութիւն կար, եւ այդ իսկ պատճառով, անոնք ընդհանրապէս չմիացան կառավարութեան դէմ ըմբոստութեան, բայց նշաւակ դարձան ընդդիմադիրներուն։
Քրիստոնեաները ծայրայեղ իսլամներուն համար թշնամի կը նկատուին՝ Սուրիան իսլամական պետութեան մը վերածելու անոնց ճիգերուն մէջ։ Ըմբոստներ եկեղեցիներ ու սրբանկարներ կը հրկիզեն եւ առիթ գտնելով յաճախ քրիստոնեաներ կը սպաննեն ու կ՛առեւանգեն։ Առեւանգուածներուն շարքին են երկու եպիսկոպոսներ: Քրիստոնէական շարք մը գիւղեր գրեթէ քանդուած են, իսկ անոնց հազարաւոր բնակիչները՝ փախուստի դիմած։ Կարգ մը կիներ ստիպողաբար իսլամ կիներու հագուստներով կը ծպտուին, հաւանական ոտնձգութիւններէ եւ յարձակումներէ խոյս տալու նպատակով։
Սուրիական տագնապի առաջին ամիսներուն, քրիստոնեաներ Սուրիոյ բնակչութեան տասը առ հարիւրը կը կազմէին։ Այսօր այդ համեմատութիւնը յայտնի չէ, բայց յստակ է, որ քրիստոնեաներ անհամեմատ մեծ թիւերով իրենց բնակավայրերէն փախուստ տուած են դէպի դրացի երկիրներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.