2013-09-19 13:04:09

Հետաքննիչները Մօտ Օրէն
Սուրիա Պիտի Վերադառնան


Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հետաքննութեան խմբակի նախագահ Աքի Սելսթրոմ յայտարարեց, որ հետաքննիչները մօտ օրէն Սուրիա պիտի վերադառնան:
Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ քիմիական բոլոր զէնքերը յայտնաբերելն ու վնասազերծելը դժուար պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ ինք կը հաւատայ, թէ առաքելութիւնը իրագործելի է, սակայն այդ մէկը կախեալ է սուրիական կառավարութեան ու ընդդիմութեան բանակցելու պատրաստակամութենէն:
Ըստ անոր, Սուրիոյ մէջ ջղային համակարգը հարուածող կազի օգտագործման մասին իր խմբակի զեկուցումը կրնայ պատճառ դարձած ըլլալ, որ սուրիական կառավարութիւնը ընդունի իր քիմիական զէնքերը միջազգային վերահսկողութեան տակ դնել:
Սելսթրոմ ըսաւ, որ միջազգային հետաքննիչները միայն կրցած են հաստատել, որ իրենց Սուրիա ժամանումէն 5 օր առաջ ջղային համակարգը հարուածող կազ օգտագործուած է, եւ այդ կազը պարզ բան մը չէր ու կարելի չէր զայն տան մը մէջ պատրաստել, սակայն հետաքննիչները չեն կրցած գիտնալ, թէ ո՞վ գնած է, պահեստ դրած ու օգտագործած այդ կազը:
«Խմբակը հաստատեց, որ «Սարին» կազը ցամաքէ ցամաք հրթիռի մը միջոցով արձակուած է», ըսաւ ան:
Քրեմլինի դիւանապետ Սերկէյ Իվանով յայտարարեց, որ «Խորհրդային Միութիւնը «Սարին» կազ պարունակող ռազմագլխիկներ որեւէ կողմի չարտածեց»` աւելցնելով, որ «այդպիսի գրութիւններ (ռուսական գիրերով) 1950-1960 թուականներուն Խորհրդային Միութեան կողմէ արտադրուած ցամաքէ ցամաք հրթիռներուն վրայ կային»:
Ան նշեց, որ «այդ հին հրթիռները արտածուեցան տասնեակներով երկիրներու, օրինակի համար` Լիպիոյ»:
ՄԱԿ յայտարարեց, որ 21 օգոստոսին Սուրիոյ մէջ «Սարին» կազով յարձակումին մասին քիմիական զէնքերու մասնագէտներու զեկուցումը «անվիճելի է եւ կատարելապէս առարկայական»: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով միջազգային հետաքննիչներու զեկուցումին մասին Ռուսիոյ կեցուածքէն անակնկալի եկած են:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ «Ուաշինկթըն իր զինուորական պատրաստ վիճակը կը պահէ, Սուրիոյ մէջ դիւանագիտական ճիգերու ձախողութեան պարագային զինուորական գործողութեան դիմելու համար»:







All the contents on this site are copyrighted ©.