2013-09-19 14:05:47

Հաւատոյ Տարուայ Ծիրէն Ներս Երեկոյեան Ժամերգութիւն Սուրբ Պօղոսի Անուան Տաճարին Մէջ։


Ուրբաթ 20 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 5.30 ին, Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, Հռոմի Սուրբ Պօղոսի անուան տաճարին մէջ, Սուրբ Մատթէոս Աւետարանիչի տօնի նախօրեակին (21 սեպտեմներ), տեղի կ՝ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն որուն ընթացքին նախատեսուած խորհրդածութիւնը կը ներկայացնէ Հայր Իննոչէնցօ Կարկանօ ՝ Պենետիկտեան միաբանութեան ուխտի անդամ։
Յիշենք թէ վերոյիշեալ ձեռնարկը կը հանդիսանայ Պենետիկտեան միաբանութեան կողմէ կազմակերպուած շարք մը նախաձեռնութիւններու երրորդը, Հաւատոյ Տարուայ ծիրէն ներս, ։
Արդարեւ անցեալ 21 մարտին եւ 23 ապրիլին տեղի ունեցան Երեկոյեան ժամասացութիւն ի պատիւ Սուրբ Պենետիկտոսի եւ Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչին։ Իսկ յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին եւ 27 դեկտեմբերին տեղի կ՛ ունենան երեկոյեան ժամերգութիւն ի պատիւ Սուրբ Յովհաննէս եւ Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչներուն։
Նշենք թէ ժամերգութեան արարողութեան ընթացքին նախատեսուած է նաեւ երաշժտական յայտագիր մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.