2013-09-19 14:05:55

Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներու Քահանայապետական Խորհուրդի Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը։


19-էն 21 Սեպտեմբեր, Հռոմի մէջ կը կայանայ ''Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի տարեկան լիագումար նիստը որուն աշխատանքները սկիզբ առին հինգշաբթի 19 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 09.30 ին Տէրունական աղօթքով որուն յաջորդեց Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Զէլլի զեկոյցը ներկայացնելով վերջին տարուան գործունէութիւններու հաշուեկշիռը։

20 երկիրներէ ժամանած 60 անդամներ երեք օր տեւող ժողովներուն ընթացքին, նախատեսուած են խմբային բանաւէճեր ու պիտի քննարկուին զանազան նիւթեր որոնց շարքին նշենք` Ընկերային Հաղորդակցութեան Քահանայապետական խորհուրդի առաջնահերթութիւնները, Տեղական եկեղեցիներու հաղորդակցութեան միջոցներու կացութիւնը . անոնց մարտահրաւէրները եւ Ընկերային Հաղորդակցութեան միջոցներու Քահանայապետական խորհուրդի աջակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.