2013-09-18 10:26:46

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական Ժողովը Կ՛ողջունէ Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը


Երկուշաբթի, 16 սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովի նիստը:
Ժողովի ընթացքին նախ վաւերացուեցաւ Կրօնական ժողովի յառաջիկայ տարիներու աշխատանքի ուղեգիծը, ուր յատուկ կերպով կը շեշտուէր կրօնական դաստիարակութեան ու կաթողիկոսարանի Երիտասարդաց բաժանմունքի աշխատանքները վերակազմակերպելու հրամայականը: Բնականաբար յիշեալ ուղեգիծը նաեւ կ՛անդրադառնար միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութեանց, դպրեվանքի առաքելութեան եւ այլ կարեւոր մարզերու:
Յիշեալ նիստի ընթացքին նաեւ զեկուցում տրուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Ս. Էջմիածինի մէջ երկու վեհափառ հայրապետներուն ներկայութեամբ եւ օրհնութեամբ տեղի ունենալիք հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ժողովին մասին: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ յիշեալ ժողովին կատարելիք աշխատանքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան համար: Յայտնենք, որ Եպիսկոպոսաց ժողովը այս առաջին հանդիպման ընթացքին պիտի քննէ հայ եկեղեցւոյ մկրտութեան կարգը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասումը: Ժողովը իր աշխատանքներուն պիտի սկսի երեքշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան եւ պիտի աւարտի ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին:







All the contents on this site are copyrighted ©.