2013-09-17 10:22:51

''Քահանայապետութեան Առաջին Վեց Ամիսներուն ֆրանչիսկոս Պապը Արդէն Սիրաշահած Եւ Յուզած Է Հաւատացեալին Եւ Ոչ Հաւատացեալին Սիրտը'' Յայտնեց Հայր Լոմպարտին ։


''Սուրբ Պետրոսի Գահին վրայ բարձրանալէն վեց ամիսներ ետք, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր սրտաբուխ ոճով, խորապէս սիրաշահած է հաւատացեալներուն ու եկեղեցէն հեռացածներուն սրտերը, մեծ շահագրգռութիւն ու խանդավառութիւն յարուցանելով'' յայտարարած է Վատիկանի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը քաջատեղեակ է ներկայ մարդուն վէրքերուն, ինչ կրօնի ալ որ պատկանի, Ան իր խօսքին մէջ միշտ կը շեշտէ Աստուծոյ ողորմածութեան ու երկայնամտութեան վրայ` որ ''միշտ պատրաստ է ներելու ''։

Վատիկանի բանբերը ապա երեք յատկութիւններով ներկայացուցած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաքելութիւնը.

- Նախ Անոր ընտրած անունը` ''ֆրանչիսկոս'', որ կը վերակոչէ աղքատը, խաղաղութիւնը, եւ բնապահպանութիւնը։ ֆրանչիսկոս անունը նոր Քահանայապետին համար ինքնին յայտագիր մըն է եւ ասիկա ի յայտ եկաւ Քահանայապետին քաջ կեցուածքէն` Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ։

- Երկրորդ` Լատինամերիկացի նոր Քահանայապետի մը ընտրութիւնը վերջ տուաւ ''եւրոպակեդրոնականութեան''։ Թէեւ բոլոր Քահանայապետները եղած են ընդհանրական ու աշխատած համայն մարդկութեան համար, սակայն այլ ցամաքամասէն եկած նոր Քահանայապետը նոր ոճ մը յառաջ բերաւ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը խօսի Եկեղեցւոյ մը մասին որուն մտահոգութիւնն է օգնութեան հասնիլ ամէն անհատի, ինչ կրօնի կամ հոսանքի որ պատկանի։

- Երրորդ յատկութիւնը` Եկեղեցւոյ կեանքի մշտատեւ բարեփոխումը։Վատիկանի բանբերի գնահտումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Աթոռի Կառավարական մարմնի վերատեսութիւնը սկսաւ նախ Քահանայապետի ոճի վերատեսութեամբ եւ կը շարունակուի մշտատեւ բարեփոխութիւններով Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Անդրադառնալով ապա Վատիկանի մէջ երկու Քահանայապետներու ներկայութեան մասին, Հայր Լոմպարտին հաստատած է որ ''ամէնքս ուրախ ենք համակեցութենէն եւ վաստակաւոր Քահանայանապետի ներկայութենէն, սկսեալ ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն։ Թէեւ Պենետիկտոս ԺԶ-ը ճգնաւորական կեանք կ՛ապրի սակայն անոր գորովալի ներկայութիւնն ու աղօթքը զգալի են''։








All the contents on this site are copyrighted ©.