2013-09-17 08:56:50

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ընտանեկան Ճամբարը՝ Հոկտեմբեր 18-20


ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը տեղեկացնէ, թէ կազմակերպած է տարեկան երրորդ ընտանեկան ճամբարը՝ 9-17 տարեկաններու յատուկ, որ տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 18-20 շաբաթավերջը, Ռայթուուտի մէջ գտնուող ՀԵԴ ճամբարին մէջ:
Ս. գրային սերտողութեանց կողքին, մասնակիցները առիթը պիտի ունենան վայելելու դաստիարակչական ու մարզական խաղեր:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Հրայր Շիրիքեանին՝ (818) 427-9316, կամ եկեղեցւոյ գրասենեակ՝ (818) 243-8400 թիւերով, կամ այցելել www.facebook.com/stgregoryarmenian կայքէջը:








All the contents on this site are copyrighted ©.