2013-09-17 10:23:02

Միջին Արեւելքի Լատին Եպիսկոպոսներու Ժողովը։


Արաբական Աշխարհի Լատին Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասը իր ժողովը գումարած է 17-20 սեպտեմբեր, Վատիկանի մօտ գտնուող մէկ քահանայական կեդրոնի մը մէջ։
Նիստերու ընթացքին, ուր իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Երուսաղէմի Լատիններու ֆուատ Թուալ Պատրիարքը, ժողովականները կը զրուցեն Հաւատոյ Տարուայ եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի հիսուն ամեակի հայող վերջին ձեռնարկներու մասին, ինչպէս նաեւ հաւանականօրէն անոնք կը քննարկեն Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիաճակը։
Արաբական Աշխարհի Լատիններու Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասը ստեղծուած է 1967-ին որպէս միջոց եկեղեցւոյ ''հաւաքական'' կառավարութեան եւ տեղական եկեղեցիներու հետ հաղորդութեան ամրապնդում







All the contents on this site are copyrighted ©.