2013-09-17 10:28:09

Հաշտութիւն՝ Աստուծոյ Հետ


«Մեղքին թոշակը մահն է, իսկ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւը՝ յաւիտենական կեանքը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ» (Հռոմ 6, 23

Այս օրերուս, քրիստոնեաները, կարծես թէ, մոռցած ըլլան խոստովանանքի խորհուրդը կամ Աստուծոյ հետ հաշտութեան կարիքը: Բազմաթիւ հոգիներ, իրենց կեանքի վկայութեամբ, կը մերժեն գոյութիւնը մեղքին եւ այլեւս կը կենակցին անոր հետ շատ բնական կերպով, առանց խղճի խայթի: Ասոնց խիղճը մեռած է, կամ խեղդած անոր ձայնը: Շատեր կը կարծեն թէ այլեւս մեղքէն զերծ են, անմեղ ու արդար: Ուրիշներ, ուղղակիօրէն եւ անձնապէս խօսելով Աստուծոյ հետ, աւելի մաքուր եւ արդար կը համարեն իրենք զիրենք ուրիշներէն եւ նաեւ քահանաներէն: Այս պասճառաւ կը մերժեն միջնորդութիւնը քահանայի մը, զոր կը նկատեն իրենց նման մեղանչող մարդ մը, որ, իր կարգին, կը գտնուի եւ կամ, իրենց պէս, կրնայ գտնուիլ մեղքի վիճակի մը մէջ, հետեւաբար իրաւունք չունի իրենց հոգին եւ սրտին գաղտնիքները գիտնալու եւ ներելու:
Ապաշխարութեան խորհուրդը հաստատուեցաւ Քրիստոսի կողմէն Եկեղեցւոյ մկրտուած բոլոր մեղաւոր անդամներուն համար: Անոր միջոցաւ, քահանային արձակումով մարդոց մեղքերը եւ սխալները կ'արձակուին ու կը ներուին ապաշխարութեամբ, զղջումով եւ խոստովանութեամբ: «Այս խորհուրդին դարերու ընթացքին կրած կարգապահական եւ ծիսական փոփոխութիւնները եւ հանդիսակա-տարումը, որոնց մէջ կը նշմարուի հիմնական նոյն կառոյցը, կը բովանդակէ երկու հաւասարապէս էական տարրեր. Մէկ կողմէն, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ դարձի եկած մարդուն արարքները, այսինքն զղջումը, խոստովանութիւնը եւ հատուցումը. Միւս կողմէ Աստուծոյ գործը՝ միջամտութեամբ Եկեղեցւոյ՝ Եկեղեցին որ եպիս-կոպոսին եւ իր քահանաներուն միջոցով մեղքերում ներումը կու տայ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ կը ճշդէ հատուցումին կերպերը, նաեւ կ'աղօթէ մեղաւորին համար եւ անոր հետ կ'ապաշխարէ: Այսպէս մեղաւորը կը բուժուի եւ կը վերահաստատուի եկեղեցային հաղորդութեան մէջ:» (Ք.Կ.Ե. թիւ 1448):
Խոստովանանքին առաջին եւ անհրաժեշտ պայմանն է զղջումը, որով մարդ կ'ընդունի ծանրութիւնը իր արարքին, կը ցաւի զայն գործած ըլլալուն համար, Աստուծոյ սէրը դրժելով ու արժանանալով դժոխքի, ապա նաեւ կը խոստանայ նոյն յանցանքը չկրկնել: Ասկէ ետք անհարժեշտ է խոստովանանքը քահանայի մը, որուն տրուած է մեղքերը ներելու կամ զանոնք կապելու աշխարհի վրայ, եթէ նկատի առնէ բացակայութիւնը զղջումի: «Կապել եւ արձակել բառերը կը նշանակեն. Ով որ մերժէք ձեր հաղորդութենէն, պիտի մերժուի Աստուծոյ հաղորդութենէն. Ով որ վերընդունիք ձեր հաղորդութեան մէջ, Աստուած ալ պիտի ընդունի զինք Իր հաղորդութեան մէջ: Եկեղեցւոյ հետ հաշտութիւնը անբաժան է Աստուծոյ հետ հաշտութենէն» (Ք.Կ.Ե. թիւ 1445):
Խոստովանանքը այցելութիւն մը չէ մարդու մը, որ մեզ կը լուայ ու կը մաքրէ, ոչ ալ՝ այցելութիւն մը դահիճ դատաւորի մը, անողորմ ու անգութ, այլ՝ հանդիպում մը Քրիստոսի հետ, որ մեզի կը սպասէ անհամբեր ու կարօտով, ինչպէս կ'ըսէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, միշտ պատրաստ մեզ ընդունելու ու դարձնելու մեզի մեր Աստուծոյ զաւակի արժանապատւութիւնը:
Լոյսին մէջ քալելը՝ ճշմարտութեան մէջ բնակիլ է: Քաջութիւն է ուրեմն Տիրոջ երթալ միշտ, որովհետեւ Ան է «Ճանապարհը, ճշմարտութիւնն ու կեանքը»: Ան է Ճշմարտութեան Լոյսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.