2013-09-17 09:58:39

Լաւրով. «Մոսկուա Եւ Ուաշինկթըն ՄԱԿ-ի Մէջ
Պիտի Պատրաստեն Սուրիոյ Քիմիական
Զէնքերուն Վերաբերեալ Բանաձեւ Մը»


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ժընեւի փաստաթուղթը կը նշէ, որ Ապահովութեան խորհուրդը ռուս- ամերիկեան նախաձեռնութիւնը պիտի որդեգրէ` յայտնելով, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն ՄԱԿ-ի մէջ պիտի պատրաստեն Սուրիոյ քիմիական զէնքերու գտնուած վայրերը ճշդելու բանաձեւ մը: Լաւրով զգուշացուց, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ որեւէ բանաձեւ, որ Սուրիոյ դէմ սպառնալիքներ կը բովանդակէ, կրնայ ձախողութեան մատնել Ժընեւի մէջ սուրիական քիմիական զէնքերուն շուրջ Ուաշինկթընի հետ գոյացած համաձայնութիւնը: Ան յայտնեց, որ «ես վստահ եմ, որ հակառակ կարգ մը եւրոպական մայրաքաղաքներէն հնչող յայտարարութեանց, ամերիկեան կողմը յանձնառու պիտի մնայ գոյացած համաձայնութեան ճշգրիտ գործադրութեան»:
Ան ողջունեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի գումարումը եւ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի բոլոր ղեկավարներուն կոչ ուղղեց քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար երկխօսութեան մասնակցելու` շեշտելով, որ սուրիական ընդդիմութիւնը բանակցութեան նստիլ համոզելու եւ ստիպելու ժամանակը հասած է:
Լաւրով պատրաստակամութիւն յայտնեց Մոսկուայի մէջ սուրիական ընդդիմութեան բոլոր հատուածներուն հետ հանդիպելով ամէն բան քննարկելու` նշելով, որ «ոմանք չհասկցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի հետ մեր ձեռք բերածը, իսկ 7-րդ յօդուածը հիմա սեղանի վրայ չէ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.