2013-09-17 09:58:26

Ամերիկեան Ծովուժի Կեդրոնին Վրայ Յարձակում Մը Առնուազն 12 Զոհ Կը Խլէ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող ծովուժի մէկ կեդրոնին վրայ Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16ին տեղի ունեցած զինեալ յարձակումի մը հետեւանքով առնուազն 12 հոգի սպաննուեցաւ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 10 ուրիշներ: Ըստ նախնական տուեալներու՝ զինուորական տարազներով երեք զինեալներ մասնակցած են յարձակումին. անոնցմէ մէկը սպաննուած է, իսկ երկուքը կը հետապնդուին: Յարձակումին դրդապատճառը ցարդ չէ բացայայտուած, սակայն յետմիջօրէին տեղեկացուեցաւ, թէ սպաննուած զինեալը Թեքսասէն 34ամեայ Էրըմ Ալեքսիս անունով քաղաքացի մըն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.