2013-09-16 12:19:57

Հալէպահայ Մեծաթիւ Հաւատացեալներ Նշեցին Խաչվերաց Տօնը


Դամասկոսի մէջ «Ազդակ» օրաթերթի թղթակիցը հաղորդեց, որ մինչ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կ՛աշխուժանան սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու նպատակով, գետնի վրայ բախումները կը շարունակուին: Մերթ ընդ մերթ կը լսուին պատերազմական օդանաւերու եւ թնդանօթներու հարուածները` ուղղուած Շապաայի, Ժոպարի եւ Հարասթայի մէջ գտնուող զինեալներուն դէմ:
Դամասկոսի մէջ տակաւին կը շարունակուին խաղաղ թաղամասերուն վրայ հրասանդի հրթիռներու հարուածները. կիրակի օր մայրաքաղաքի կեդրոնական Հիճազ, Մարժէ եւ Ժորժ Խուրի թաղամասերուն վրայ ինկան կարգ մը հրթիռներ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Միւս կողմէ, ինչպէս որ կրթութեան նախարարութիւնը վերամուտը ճշդած էր, երէկ Սուրիոյ մէջ պետական վարժարանները բացին իրենց դռները: Իսկ հայկական վարժարանները իրենց դասաւանդութիւններուն կը սկսին եկող շաբթուան ընթացքին:
Միւս կողմէ, «Ազդակ»-ի թղթակիցը տեղեկացուց նաեւ, որ երկու օրէ ի վեր ծանր մարտեր կ՛ընթանան Հալէպի հայաշատ թաղամասերուն շրջակայքի շրջաններուն մէջ, ուր կը լսուին ամէն տեսակի զէնքերու ձայները:
Միութենական գործունէութիւնները կը շարունակուին. երէկ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի փոքրիկներու ամառնային դասընթացքի աւարտական հանդէսը` ժողովուրդին մօտ խանդավառութիւն ստեղծելով:
Երէկ առաւօտ հալէպահայ հաւատացեալները խուռներամ ուղղուեցան Վիլլաներու շրջանը գտնուող Ս. Աստուածածին եւ Նոր Գիւղ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները` Խաչվերաց տօնելու համար:
Յիշենք, որ տակաւին Հալէպի մէջ համացանցի կապերը չեն գործեր եւ Հալէպի հետ քաղաքներէն եւ միջազգային կապ հաստատելը դժուար է, սակայն ներքին քաղաքային եւ բջիջային կապերը ի զօրու են:







All the contents on this site are copyrighted ©.