2013-09-16 12:26:03

''Կեանքի Ի Նպաստ Քայլաշաւ'', Զիւրիխի Մէջ։


Կեանքի Ի Նպաստ Քայլաշաւը, Զիւրիխի Մէջ համախմբեց է աւելի քան 2000 ցուցարարներ։
''Ընտրել Կեանքը'' ընկերակցութիւնը 14 սեպտեմբեր 2013-ին, Զիւրիխի մէջ կազմակերպած էր ''կեանքի ի նպաստ Քայլաշաւ'' մը` եւ վիժումի դէմ ցոյց մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 2000 հոգիներ։
Կազմակերպիչները կը յիշեցնեն թէ ''ամէնքս սաղմ եղած ենք''։ Գիտականօրէն փաստուած է որ կեանքը կը սկսի յղութեան ժամանակ, ներփակելով նոր կեանքի սեփական ժառանգութիւը։ Այս նոր կեանքը շարունակականութիւն մըն է, որ հանգրուանէ հանգրուան կը յառաջանայ մինչեւ մահ։ ''Ընտրել Կեանքը'' ընկերակցութիւնը հարց կու տայ եթէ վիժումը համերաշխ կ'ընթան՞այ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէնքին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.