2013-09-16 13:51:52

Գոլոմպիայի Չիքուինքվիրայի Տիրամօր Պատկերին Ուխտագնացութիւնը


Կիրակի 15 Սեպտեմբերին Գոլոմպիայի մէջ տեղի ունեցաւ Չիքուինքվիրայի Տիրամօր Պատկերին ուխտագնացութիւնը որ սկիզբ առաւ քաղաքի կեդրոնէն, անցնելով քաղաքի բռնութեան թիրախ դարձած վայրերէն, նպատակ ունենալով խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն հաստատել Գոլոմպիայի քաղաքացիներուն միջեւ։

Չիքուինքվիրայի Տիրամօր պատկերի ծագումը սկիզբ առած է 1555 թուականին երբ Սպանացի սպարապետ` Անթոնիօ Սանդանա, հրաման կու տայ իրագործել Տիրամօր պատկերը ու զայն զետեղել Չիքուինքվիրայի մէջ գտնուող` իր տան մատուրին մէջ։ 1586 թուականին պատկերը վերանորոգումի կ՛ենթարկուի եւ նորոգութեան ընթացքին, հնդիկ մանուկ մը իր մօր հետ այդ վայրէն անցնելու պահուն, կը նշմարէ թէ փայլուն լոյս մը կը ցոլար։ Մանուկին մայրը կանգ առնելով ներս կը մտնէ եւ կը ստուգէ թէ այդ լոյսի շողը Տիրամօր պատկերէն դուրս կու գար։ Այս հրաշքի դէպքի հետեւանքով, Գոլոմպիայի կաթողիկէ ղեկաւարները, 1588 թուականին կառուցել կու տան մատուռ մը ու վայրը եւ կը հռչակեն Գոլոմպիայի պաշտպան սուրբ` Չիքուինքվիրայի Տիրամայր։








All the contents on this site are copyrighted ©.