2013-09-15 13:33:57

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 15 սեպտեմբերի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասեանեկի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորնրու ներկայութեամբ։
Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը ֆրանչիսկոս Պապը խորհրածութիւն մը կատարեց քաղուած Ղուկաս աւետարանիչէն որ կը խօսի ''ողորմութեան առակներու'' մասին` կորսուած ոչխարի առակը, կորսուած լումայի եւ անառակ որդիին առակը։ Այս երեք առակներն ալ կը մատնանշեն Աստուծոյ ուրախութիւնը։ Ուրախութիւնը ներելու։ Այս առակներուն մէջ ներփակուած է համայն Աւետարանը, համայն քրիստոնէութիւնը։ Յիսուս ամբողջութեամբ ողորմութիւն է։ Աստուած որ մարդեղացաւ։ Մեզմէ ամէն մէկը կը նմանի այդ կորսուած ոչխարին, այդ լումային եւ անառակ որդիին որ իր ազատութիւնը ցրուեց հետեւելով կուռքերուն եւ արասպելական ուրախութեան ու ամէն ինչ կորսնցուց։ Սակայն Աստուած մեզ չի մոռնար, Հայրը երբե՛ք չի թողուր մեզ։ Համբերատար Հայր մըն է։ Միշտ մեզ կը սպասէ։ Կը յարգէ մեր ազատութիւնը եւ երբ Իրեն վերադառնանք մեզ կ՛ընդունի որպէս իր որդիները որովհետեւ երբեք չի դադրիր, ոչ իսկ վայրկեան մը, մեզ սիրելէ։
Վտանգը սակայն այն է - յարեց Սրբազան Հայրը - որ մենք զմեզ արդար նկատենք եւ միւսները դատենք, ու դատենք նոյնիսկ զԱստուած որովհետեւ` փոխանակ ներելու, կ՛ուզենք պատճել մեղաւորը եւ մահուան դատապարտել զայն, այնպէս ինչպէս ըրաւ անառակ որդիին եղբայրը։ Եթէ մեր սրտերուն մէջ չկայ ողորմութիւն, ներելու ուրախութիւն, մենք Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ չենք, նոյնիսկ եթէ յարգենք պատուիրանները, որովհետեւ միայն սէրն է որ կը փրկէ։ Եւ Աստուծոյ սէրը ներումի մէջ կը գտնուի։ Յիսուս բոլորը կը հրաւիրէ հետեւելու այս ճանապարհին ''ողորմած եղէք ինչպէս ձեր Երկնաւոր Հայրը ողորմած է''։ ֆրանչիսկոս Պապը ապա բոլորը հրաւիրեց ամփոփուելու եւ պահ մը մտածելու այն անձերուն որոնց հետ գժտուած ենք ու աղօթելու անոնց համար։ Ու պահ մը լռութենէն ետք բոլորին վրայ հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն աւարտին վերյիշեց Երանելի Խօսէ Կապրիէլ Պրոշէրոյի երանացման արարողութիւնը ինպէս նաեւ Թորինոյի մէջ կայացած ''Իտալացի Կաթողիկէներու Ընկերային Շաբաթը որուն նիւթն է ''Ընտանիքը, յոյս ու ապագայ Իտալիոյ ընկերութեան'', ու ապա ողջունեց հրապարակ գտնուող զանազան խումբերը ու ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.