2013-09-14 12:47:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։


Շաբաթ 14 սեպտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Պուլկարիոյ նոր անուանուած դեսպանը Տիար Քիրիլ Լիուպոմիրով Թոփալովը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Ժամը 11,30-ին Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Ընտանիքի ահանայապետկան Խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Վինչէնցօ Բալիային, հուսկ ժամը 12-ին ընդունեց ''Japan Art Association''ի նախագահ` Տօքթ. Հիշասի Հիէտա, անոր կողակիցին եւ իրենց ընկերացող շքախումբին հետ։ Ժամը 12,20-ին հրաժեշտի այցելութեան առթիւ ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Սպարապետ Ուիլլիամ Գլոդէրը։
Իսկ ուրբաթ 13 սեպտեմբեր յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Պօղոս Զ անուան կոչուած սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Երուսաղէմի ս. Թաղման Ասպետներու'' 2000 անդամներուն որոնք ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանած են 13-15 սեպտեմբեր։
Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ` ''Դուք Հռոմ կը գտնուիք ձեր Կարգին հինգամեայ խորհրդաժողովի առթիւ որուն ընթացքին կը քննարկէք վերջին հինգ տարիներու ձեր սատարը Ս. Երկրի կաթողիկէ համայնքին եւ կը սերտէք ապագայի կատարելիք ձեր ձերնարկները։ Ուրախ եմ որ միջազգային ուխտագնացութեան կը մասնակցին աւելի քան 2000 անդամ։ Շնորհակալ եմ ձեր այս այցելութեան եւ մեծապէս կը գնահատեմ ու կը քաջալերեմ զօրակցութեան ձեր նախաձեռնութիւնները։ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա իր խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց երեք բառերու վրայ. ''քալել, կերտել եւ դաւանիլ'', որոնց մասին խօսած էր արդէն երբ Ս. Պետրոսի Աթոռին վրայ բարձրացաւ։

Քալել - Դուք, որ ներկայիս Հռոմ կը գտնուիք, կ'ապրիք ուխտաւորի փորձարութիւնը որ մեծ խորհրդանիշ է մարդկային ու քրիստոնէական կեանքին։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը, այս աշխարհի վրայ, կրնայ ըլլայ ''թափառական'' կամ ''ուխտաւոր''։ Ուխտագնացութեան նշանով դուք կը փաստէք որ թափառական չէք այլ ուխտաւոր` հաւատքի վկաներ, գիտցէք ձեր մէջ պահել հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ արժէքներու մեծ հարստութիւնը, աւելի մարդկայնական դարձնելու համար ընկերութիւնը։

Եկրորդ բառը կերտել։ Քալել կերտելու համար ընկերութիւնը սիրոյ միջոցաւ։ Երուսաղէմի ս. Թաղման Ասպետներու Կարգը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունի եւ միշտ աշխատած է օգնութեան հասնիլ կարօտեալներուն եւ մասնաւորապէս Ս. Երկրի քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն։Մեծ սիրով ձեզ կ'ողջագուրեմ եւ կ'օրհնեմ ձեր այս առաքելութեան համար։

Երրորդ բառը` Դաւանիլ - Կերտելու համար ձեր ընթացքը կու գայ հաւատքի դաւանանքէն։ Հաւատքի դաւանանքը ու եբայրօգնութիւնը սերտօրէն կապուած են ու ձեր ոյժը կը կազմեն։ Հաւատացէք Քրիստոսի խաչին ու Յարութեան փրկարար զօրութեան որպէսզի կարողանաք ուրիշներուն հաղորդել յոյս եւ խաղաղութիւն։ Յիսուսի ծննդավայրի բնակիչները շատ կարիք ունին։ Թող Տէրը օգնական ըլլայ ձեզի որպէսզի կարողանաք միշտ ըլլալ խաղաղութեան ու սիրոյ դեսպանները։
Յիսուսն է միայն որ կարող է պտղաբեր դարձնել ձեր առաքելութիւնը։ Նազարէթի ս. Կոյս Մարիամը թող հովանաւորէ ձեր գործունէութիւնը որպէսզի սիրոյ աչքով դիտէք այն Վայրերը ուր ''Յիսուս կ'անցնէր բարիք ընելով եւ բուժելով''։ Ձեզի ամէնուդ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնա։ Տէրը օրհնէ ձեր Կարգը ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը ճառը աւարտելով ։

Յայտնենք որ Երուսաղէմի ս. Թաղման Ասպետներու Ուխտագնացութիւնը կ'եզրափակուի կիրակի 15 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-ին ս. Պօղոս պազիլիքայի մէջ մատուցուած ս. պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.