2013-09-14 12:26:36

Նիւ Եորքի Մէջ «Ժընեւ-2»-ի Թուականի Ճշդման
Կարելիութեան Քննարկման Լաւրով-Քերրի
Հանդիպումի Մը Շուրջ Համաձայնութիւն


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի ու Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Ժընեւի մէջ ունեցաւ եռակողմանի հանդիպում մը, որուն աւարտին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Քերրի յայտարարեց, որ 28 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ դարձեալ Լաւրովի հետ պիտի հանդիպի ճշդելու կարելիութիւնը` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի թուականը:
Քերրի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ու Մոսկուա մեծապէս մտահոգ են Սուրիոյ մէջ զոհերու շատ բարձր թիւէն ու քանդումի տարողութենէն, «սակայն աշխատանքին սկիզբը քիմիական թղթածրարի լուծումն է, իսկ յաւելեալ համագործակցութիւնը թերեւս աւելի քան մէկ կողմի համար լուծումի մը կ՛առաջնորդէ»:
Իպրահիմի իր կարգին շեշտեց, որ անհրաժեշտ է աշխատանք տանիլ «Ժընեւ-2»-ի յաջող գումարման ապահովման վրայ: «Մենք Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի թղթածրարին վերաբերեալ Սուրիոյ կատարելիք աշխատանքին կը սպասենք», ըսաւ ան` նշելով, որ հանդիպումը յաջող էր:
Լաւրով նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է քիմիական զէնքի եւ սուրիական կառավարութեան քիմիական զէնքի տարածման արգիլման համաձայնութեան միանալու հարցերը: «Համաձայնութիւն գոյացաւ այդ տագնապին վերջ տալու ճամբու քարտէսին շուրջ, եւ Սուրիոյ հեռահաս լուծումի քննարկման Իպրահիմիի հրաւէրով ուրախ ենք, մենք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման բոլոր նախաձեռնութեանց աջակցեցանք եւ գոյացուցինք համաձայնութիւն մը, որ կը ներառէ Սուրիոյ տագնապին բոլոր կողմերը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «ՄԱԿ-ի հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք քիմիական զէնքի թղթածրարին վերջ տալու ճամբու քարտէսի մը շուրջ, եւ Ռուսիա տագնապին վերջ գտնելով հետաքրքրուած է»:
Լաւրով ըսաւ, որ Քերրի կը հասկնայ, թէ Սուրիոյ տագնապին լուծման մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրելը կարեւոր է, «եւ Նիւ Եորքի մէջ ժողով գումարելու համաձայնութիւն գոյացուցինք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.