2013-09-14 12:19:34

Հայր խօսէ Կապրիէլ Պրոշէրօյի Երանացման Արարողութիւնը։


Շաբաթ 14 սեպտեմբերին Արժէնթինայի Քորտոպա նահանգի ''Վիլլա Քուրա Պրոշէրօ''
կոչուած Գիւղին մէջ, տեղի կ՛ունենայ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ ապա
երանացման արարողութիւն, գլխաւորութեամբ կարտինալ Անճէլօ Ամաթօյին, Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը ։

Հայր Պրոշէրօ ծնած է 1840-ին եւ 1856 թուականին մուտք գործած է փոքր նորընծայարան եւ 26 տարեկանին քահանայ ձեռնադրուած է ։
Ան զատորոշուած է ուրիշներէն օգնութեան հասնելով հիւանդներուն եւ մահամերձներուն, նա մանաւանդ երբ համաճարակ ժանտախտի հիւանդութիւն մը ուժգին հարուածեց իր ծննդավայրը։
Հայր Խօսէ Կապրիէլ նպաստած է երկրին տնտեսական եւ ընկերային աճումին եւ բարելաւման։ Կառուցած է եկեղեցիներ, դպրոցներ մատուրներ եւ լեռնային ճանապարհներ։
Հայր ԽօսէԿապրիէլ, ժողովուրդին կողմէ կոչուած էր ''cow boy'' վարդապետ, որովհետեւ ան ձիու վրայ հեծած մէկ վայրէն միւս վայրը կը ճամբորդեր Աստուծոյ խօսքը տարածելու համար։
2004 թուակնին Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայպետը զինք Աստուծոյ ծառայ հռչակեց։ Հայր Խօսէ Կապրիէլ, կեանքին վերջին տարիներուն, կորսնցուց տեսողութիւնն ու լսողութիւնը։ Մահուան սեմին անոր արտասանած վեջին բառերը եղան` ''աժմ ամէն ինչ պատրաստ է ճամբորդութեան համար''։







All the contents on this site are copyrighted ©.