Խաչվերացը Հայ Եկեղեցւոյ Հինգ Տաղաւարներէն Վերջինն է:
Ան Խաչին նուիրուած տօներուն մէջ ամենակարևորն է, որովհետև նուիրուած է խաչին գերութիւնէն
վերադարձին, անոր բարձրացման և փառաբանութեան պատմական յիշատակին: Հայաստանեայց Եկեղեցին
Խաչվերացը կը տօնէ Սեպտեմբերի 11-17 ժամանակահատուածին հանդիպող Կիրակի օրը, իսկ տօնի
յաջորդ օրը մեռելոց է: 610 թ. պարսից Խոսրով արքան մեծաքանակ զօրքով կը յարձակի Բիւզանդական
կայսրութեան վրայ: Սկզբնական յաջողութիւններէն ոգեւորուած՝ պարսկական զօրքերը 614
թ. կը մտնեն Երուսաղէմ: Շատերը կը սպաննեն եւ շատերն ալ գերի կը վերցնեն: Վերջիններուն
մէջ էր նաև Երուսաղեմի Զաքարիա հայրապետը: Բայց պարսիկներն այսքանով չեն բաւարարուիր.
կը մտնեն Ս. Յարութեան տաճար և գերի կը վերցնեն այնտեղ պահուող Աստուածընկալ Ս.
Խաչը, որը Դ դարի սկզբին Կոստանդիանոս կայսեր մօր Հեղինէի ձեռքով գտնուեր և պաշտամունքի
առարկայ էր դարձեր բոլոր քրիստոնեաներու համար: 628 թ. Բիւզանդական զօրքերը Հերակլ
կայսեր գլխաւորութեամբ խաչափայտը վերադարձնելու համար կը պատերազմին պարսիկներու դէմ: Բիւզանդական
զօրքին կ’օժանդակէ նաև հայկական զօրախումբը Մժեժ Գնունիի գլխաւորութեամբ: Տիրոջ օգնութեամբ
բիւզանդացիները յաղթանակ կը տանին: Ս. Խաչը հանդիսաւոր թափօրով կը տեղափոխուի հայոց
Կարին քաղաքը: Իսկ Կարինէն զայն կը տեղափոխեն Կ. Պոլիս, ապա Երուսաղէմ: Վերադարձի
ճանապարհին Տիրոջ խաչափայտը կը բարձրացուէր և ցնծութեան առիթ կ’ըլլար ժողովուրդին
համար: Խաչը քրիստոնեաներու համար Աստուծոյ զօրութիւն է ու պարծանքներու պարծանքը,
որուն վրայ իր անմեղ արիւնը թափեց Քրիստոս՝ տալով մեզ յաղթութեան զէնքը՝ ընդդէմ սատանային
ու անոր խաբկանքներուն: Յիսուս խաչին վրայ ցոյց տուաւ իր անհուն սէրը մարդկութեան
հանդէպ, և խաչը դարձաւ մեզի համար յոյսի, սիրոյ և փրկութեան երաշխիք: