2013-09-14 12:23:25

Գանատայի Եկեղեցիներու Աղօթքի Օրը Միջին Արեւելքի Համար։


Գանատայի Եկեղեցին շաբաթ 14 սեպտեմբերը, հռչակած է որպէս աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն ի խնդիր։ Այս արարողութեամբ կ'եզրափակուի նաեւ ''Զօրակցութիւն ի նպաստ Սուրիոյ'' նախաձեռնութիւնը, որ սկիզբ առած էր անցեալ 30 յունիսին, Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կողմէ։ Հաւաքուած դրամը կը յանձնուի Սուրիոյ Գարիդասի բարեսիրական մարմնին։








All the contents on this site are copyrighted ©.