2013-09-13 11:04:25

Չինաստան կը Պաշտպանէ Սուրիոյ Քիմիական Զէնքը Միջազգային Հսկողութեան Տակ Դնելու Մոսկուայի Նախաձեռնութիւնը


Չինաստան կը պաշտպանէ Սուրիոյ քիմիական զէնքը միջազգային հսկողութեանը յանձնելու Մոսկուայի նախաձեռնութիւնը: Այդ մասին ՉԺՀ-ի նախագահ Սի Ցզինպին Սեպտեմբեր 13- ին յայտարարած է Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին։ Այս մասին կը յայտնէ ՌԻԱ ՆՈՎՍԹԻ-ն:







All the contents on this site are copyrighted ©.