2013-09-13 11:04:37

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը
Եկեղեցիներու Համշխհարային Խորհուրդի Համաժողովի
Նախապատրաստական Աշխտանքներուն


8-11 Սեպտեմբեր 2013-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային
Խորհուրդի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, տեղի ունեցաւ ԵՀԽ-ի 10-րդ
համաժողովի «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ» բաժնի
ատենապետներուն ժողովը:
Ժողովին մասնակցեցաւ Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու վարիչ
եւ «Միութեան հրաւէր – միջ-եկեղեցական նոր արտայայտութիւններ»
խօսակցութեան Ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան:
21 «Միջ-եկեղեցական խօսակցութիւններ»-ու ատենապետներ
լիակատար նիստերով եւ խմμական հանդիպումներով մշակեցին համաժողովի
այս կարեւոր բնագաւառը ու առին նախապատրաստական անհրաժեշտ
քայլերը:
Յայտնենք, թէ ԵՀԽ-ի 10-րդ համաժողովը պիտի գումարուի 30
Հոկտեմբերէն 8 Նոյմեբեր 2013-ին, Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին
մէջ, ընդհանուր թեմա ունենալով` «Կենսապաշխ Աստուած, մեզ արդարութեան
եւ խաղաղութեան առաջնորդէ» աղօթական խնդրանքը: Արամ Ա.
Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութիւնը 9 պատգամաւորներով եւ 2 ներկայացուցիչներով պիտի
մասնակցի համաժողովին:
Ժընեւ գտնուած օրերուն, Նարեկ Սրբազան հանդիպումներ ունեցաւ
ԵՀԽ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին եւ զանազան μաժանմունքներու
պատասխանատուներուն հետ ու Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ
ներկայ իրավիճակը քննարկեց:







All the contents on this site are copyrighted ©.