2013-09-12 09:10:04

Քրիստոնեաներու Եւ Ոչ Հաւատացեալներու Միջեւ Երկխօսութիւնը ''Անհրաժեշտ եւ Թանկագին Է'' Կր Գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Իտալացի Անհաւատ Լրագրողին։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկար նամակ մը ուղղարկած է Իտալական ''La repubblica'' օրաթերթի հիմնադիր` Էուժէնիոյ Սքալֆարիին, առ ի պատասխան, վերոյիշեալ թերթին մէջ օգոստոս ամսուայ ընթացին հրատարակուած, անոր երկու բաց նամակներուն։

Քահանայապետի նամակը լոյս տեսաւ ''La repubblica'' օրաթերթին մէջ 11 սեպտեմբերին, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը պատասխանէ լրագրողի հարցանդրանքներուն ''Հաւատոյ Լոյս'' շրջաբերական թուղթի մասին։

Իր նամակին մէջ, Սրբազան Հայրը, առիթէն կ՛օգտուի վկայելու իր հաւատքը ու կը հաստատէ թէ ''Քրիստոնեաներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ Երկխօսութիւնը անհրաժեշտ եւ թանկագին է''։Հուսկ պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին թէ ''Քրիստոնեաներու Աստուածը ներում կը շնորհ՞է նաեւ անոնց որոնք չեն հաւատար եւ չեն փնտռեր հաւատքը'', կը գրէ ''Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահման է, եթէ Անոր ուղղուած մեր խնդրանքը ըլլայ անկեղծ եւ բաց սրտով''։ Անոնց համար որ չեն հաւատար Աստուծոյ , հարցը կը դառնայ հնազանդիլ իրենց խղճին ։Աստուած ունկնդրելը ու Անոր հնազանդիլը, իրկանութեան մէջ, կը նշանակէ որոշումներ առնել բարիի կամ չարի նկատմամբ եւ այս որոշումին վրայ է որ կը հիմնուի մեր բարութեան կամ չարութեան գործը։

Ապա անդրադառնալով ճշմարտութեան նիւթին ֆրանչիսկոս Պապը կը հաստատէ թէ նոյնիսկ անհաւատներու համար այդ չի կրնար ''բացարձակ'' ըլլալ, որովհետեւ ան կը յանգի Յիսուսի հետ յարաբերութեան վրայ ու մշտական ուղղեւորութիւն մըն է որ զայն կը դարձնէ փոփոխական եւ ենթակայական։

Սրբազան քահանայպետը նամակին մէջ կ՛անդրադառնայ նաեւ հրեաներու մասին վերյիշելով ցեղասպանութեան դաժան իրողութեան բորձարութիւնը ապա ու նամակը եզրափակելով կը գրէ. ''Եկեղեցին հակառակ իր սխալներուն եւ իր մեղքերուն որ գործեց եւ գուցէ կը գործէ իր անդամներու միջոցաւ, ուրիշ ոչ մէկ իմաստ կամ կէտնպատակ ունի եթէ ոչ ապրիլ եւ վկայել Յիսուսը։









All the contents on this site are copyrighted ©.