2013-09-11 10:06:21

Ֆրանսա Մակ-Ի 7-րդ Յօդուածին Տակ
Սուրիոյ Վերաբերեալ Բանաձեւ Մը Կը Ներկայացնէ


Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարեց, որ իր երկիրը «այսօր (երէկ) Սուրիոյ շուրջ 7-րդ յօդուածին տակ բանաձեւ մը պիտի ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին»` աւելցնելով, որ «այս բանաձեւը 21 օգոստոսին Ղութայի մէջ կատարուած ջարդը կը յիշատակէ, սուրիական վարչակարգէն կը պահանջէ բացայայտել իր քիմիական զէնքը եւ զայն միջազգային հսկողութեան տակ դնել: Այս բոլոր պայմանները պէտք է քիմիական զէնքերու արգիլման միջազգային համաձայնագիրի ծիրին մէջ յարգուին, ինչպէս նաեւ ծանր հետեւանքներ պարտադրուին, եթէ Դամասկոս այդ պայմանները չկատարէ»:
Ֆապիւս սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ երէկ հրապարակուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածին, սակայն կը նախընտրէ միջազգային հետաքննիչներու Սուրիայէն արտասահման փոխադրած նմուշներու քննութեան արդիւնքներու հրապարակման սպասել: Ան Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց հրապարակելու որոշում մը, որ զինուորական հաւանական հարուածին միջազգային հովանի կը պարգեւէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.