2013-09-11 12:37:59

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւն


Չորեքշաբթի 11 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն։
Նախ քան հրապարակային ունկնդրութիւնը ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական ինքնաշարժով հրապարակի շրջանը ըրաւ ողջունելով հաւատացեալները եւ ողջագուրելով մանուկները։

Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ուզեց վերսկսիլ ''Հաւատոյ Տարուայ'' մասին խորհրդածութիւնները ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին Եկեղեցւոյ էութեան հայող մէկ յատկանիշին այն է ''Եկեղեցին որպէս Մայր''։ Եկեղեցին հաւատքի մէջ եւ գերբնական կեանքի մէջ մեր մայրն է (''Աշխարհի Լոյս'' շրջաբերական թուղթ, 6.14.15.41.42).
''Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ, առաջին դարերուն, ամէնէ օգտագործուած յատկանիշն է այս'' ըսաւ քահանայապետը հարց տալով ''Եկեղեցին ի՞նչպիսի Մայր է եւ թէ Ի՞նչ կ՛ընէ Մայր մը''։
Հարցումներուն պատասխանելով Սրբազան Հայրը երեք բացատրութիւններ ներկայացուց որոնցմէ առաջինին մէջ ընգծեց թէ ''Մայրը կեանք կը պարգեւէ, ինը ամիսներ ամբողջ իր արգանդին մէջ կը կռէ իր զաւակը եւ ապա կը ծնանի աշխարհին։ Այսպէս է նաեւ Եկեղեցին որ մեզ կը ծնանի հաւատքին, Սուրբ Հոգւոյ ներգործութեամբ որ զայն պտղատու կը դարձնէ։ Քրիստոնեան կղզի մը չէ եւ հաւատքը Աստուծոյ պարգեւն է որ մեզի կը շնորհուի Եկեղեցւոյ միջոցաւ։ Եկեղեցին մեզի կը պարգեւէ հաւատքի կեանքը մկրտութեան խորհուրդով որով կը վերածնինք որպէս Աստուծոյ զաւակներ։ Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը էական պատկանելիութիւն մըն է ինչպէս Մօր մը հետ սերտ կապը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ Մայր մը կը խնամէ իր զաւակները, կը սնուցէ զանոնք ու կ՛առաջնորդէ զանոնք կեանքի ուղեւորութեան ընթացքիին, գուրգուրանքով, սիրով եւ ուշադրութեամբ մինչեւ որ մեծնան։ Ան կը ջանայ շտկել անոնց սխալները, կը ներէ անոնց, զանոնք կը հասկնայ, հիւանդութեան ու տառապանքի ընթացքին իրենց մօտիկ է։ Այսպէս է նաեւ Եկեղեցին որ մեզ կը սնուցանէ եւ մեզի կ՛աջակցի խորհրուդներուն մէջ եւ Աստուծոյ Խօսքը փոխանցելով։
Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շեշտը դրաւ Եկեղեցւոյ իրողութեան վրայ որ ''մեզմէ տարբեր բան մը չէ, Ան հաւատացեալներու հասարակութիւնն է։ Ես, դուն, ամէնքս մասն մըն ենք Եկեղեցւոյ եւ ամէնքս հրաւիրուած են համագործակցելու` հաւատքի դաստիարակութեան եւ աւետարանի քարոզութեան մէջ։ Ամէնքս կը մասնակցինք Եկեղեցւոյ Մայրութեան որպէսզի Քրիստոսի լոյսը հասնի մինչեւ երկրի ամէնայետին կողմերը - ըսաւ Քահանայապետը եզրափակելով խօսքը։ Ան ապա զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոոսի հրապարակի վրայ ներկայ գտնուող հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով հայցելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, աղօթելու Անոր տառապանքի պահերուն եւ հետեւելու անոր որպէս Աստղ։








All the contents on this site are copyrighted ©.