2013-09-11 09:36:52

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Տարբերութիւնները՝ Մարդոց Միջեւ...


Սննդագիտական դեղատունները, տարբեր կարծիքներ կ՛արտայայտեն, ՜՜Կաթնեղէններու օգտակարութեան կամ անոնցմէ պատրաստուած ուտելիքներու մասին՝՝: Որոշ երկիրներու մէջ տակաւին չէ՛ զարգացած կաթնեղէնէ պատրաստուած մի քանի տարբերակներէ բացի այլ արտադրութիւններ ստեղծելու փորձառութիւնը:
Օրինակ, միայն արեւելեան երկիրներու մէջ տարածուած սովորութիւն է քամուած մածունին տարբերակը: Իսկ մածունը գրեթէ բոլոր ազգերը ունին, իբրեւ կաթնեղէնի արտադրութիւն: Թանը եւս, աւելի արեւելեան սովորութեան մաս կը կազմէ, քան՝ արեւմտեան. (թէեւ այժմ ծանօթ է կարգ մը երկիրներու մէջ ալ): Արդ՝ զրուցել ՜՜մածունին ու թանին տարրալուծական տարբերութեան մասին՝՝ աւելորդ է, որովհետեւ երկուքն ալ նոյն հիմքը ունին, քանի որ երկուքն ալ կաթէն արտադրուած են։ Սակայն, անոնց ներկայացուցած բարոյական իմաստը շատերուն կրնայ հետաքրքրական ըլլալ։
Գալով ՜՜Մարդոց՝՝ ու անոնց ծանրակշիռ կամ թեթեւ ըլլալուն մասին տրուած բացատրութիւնները, միայն անոնց ունեցած գիտութեան չե՛ն վերաբերիր, այլ նաեւ՝ սովորական կենցաղին, ապրելակերպին, խօսելաոճին եւ այլ խառնուածքային յատկութիւններուն: Այսպէս, օրինակ, կարելի է տեսնել մարդիկ, որոնք բնաւ կատակ չեն ըներ: Այդպիսիներ կազմաւորման տարբեր եղանակ ունեցած են եւ դաստիարակութեան տարբեր ընթացք: Արուեստով, գիտութեամբ, համալսարանական բարձր կրթութեամբ հարուստ ընտանիքներ, կամ ազնուական դասակարգի պատկանողներ, բնականաբար տարբեր դաստիարակութեամբ կը կրթեն իրենց զաւակները, քան կիսաքաղաքակիրթ ազգերու զաւակները: Սա մարդոց միջեւ տարբերութիւն դնելու փորձ չէ՛, ո՛չ ալ զատողութիւն՝ Աստուծոյ ստեղծած մարդ էակներուն միջեւ: Սակայն, պարագաներու բերմամբ ոմանք կ՛իյնան այս կամ այն միջավայրին մէջ, եւ ըստ այնմ կը դաստիարակուին:
Բարոյագիտութեան մէջ, կաթը նաեւ կը խորհրդանշէ գիտութիւնը: Մարդկութեան կեանքին իրենց նպաստը բերող, ու անոնց իմացական սննդառութեան օժանդակող անձերը կաթնտուներ են փոխաբերական իմաստով, որոնց հայթայթած գիտութեամբ մեծ յառաջդիմութիւն կ՛արձանագրէ մարդկային ընկերութիւնը: Կը բաւէ ճշգրիտ տեղեկութիւն փոխանցել շրջապատին, մարդկութեան համար ըլլալու ճշմարիտ «կաթընտու», եւ որ դրական ներկայութիւն է ինքնին: Երբեմն ալ կաթընտու կովը (չենք գիտեր ի՞նչ տրամադրութենէ մղուած), յանկարծ կից կու տայ կաթով լեցուած դոյլին եւ ամբողջ պարունակութիւնը գետին կը թափէ: Գիւղացիներու փորձառութեամբ, այսպէս կից տալով կաթը թափող կովերուն աչքերուն մէջ զղջումի ու վախի արտայայտութիւն նկատելի կ՛ըլլայ, որ փաղաքշական խօսքերով միայն կը փարատի…:
Նոյնը կարելի է ըսել մարդկային ընկերութեան կեանքին համար: Չե՞ն տեսնուած մարդիկ, որոնք մեծ ծառայութիւններ մատուցելէ ետք իրենց շրջապատին, յանկարծ կից կու տան իրենց իսկ կատարած աշխատանքին, ու յում պէտս կը վատնեն իրենց ամբողջ յոգնութիւնը: Այսիպիսիներուն համար տարբերութիւն չըներ, թէ ինչքա՛ն ժամանակ վատնած են այդ գործը կատարելու, կամ թէ ինչքա՛ն ոյժ ու նիւթական սպառած են ատոր համար: Այդ պահուն, կարեւորը իրենց այդ յանդուգն արարքն է, որ երբեք չի՛ տարբերիր այն ՜՜կաթնտուին՝՝ անուշադիր ու անհեռատես գործէն: Այլապէս, ամէնքն ալ գնահատանքով կը խօսին անոր օգտակար արդիւնաբերութեան, որ սննդարար իր հեղուկով բարիք կը պարգեւէ մարդկութեան:
Մարդիկ նման մածունին ու թանին, իրարմէ կը տարբերին։ Համի ու նաեւ թանձրութեան տարբերութիւն կայ անոնց միջեւ:
Այդ թանձրութիւնը եւ ջրիկութիւնը, իբրեւ երկու տարբեր վիճակներ, բարոյագիտութեան մէջ օրինակ կը ծառայեն, մարդոց երկու տեսակի խմբաւորումներուն:
Անոնք որոնք գիտութեամբ հարուստ են, եւ իրենց ուսերուն վրայ փորձառութեամբ լեցուն գլուխ կը կրեն, կը նմանին մածունին, որ որոշ թանձրութիւն ունի: Կեանքի մէջ վստահաբար կու գայ պահը, երբ դոյլը պիտի թափուի, կամ ուրիշ խօսքով՝ մարդը պիտի սխալի: Սակայն երբ գիտութիւն ունի՝ նոյնիսկ դոյլը պարպուի, անպայմա՛ն անոր մէջ որոշ չափով մածուն կը մնայ կողքերուն փակած: Սակայն ջրիկ նկարագրով, ու գիտութեամբ աղքատ մարդիկ կաթի նման են, որ ամբողջութեամբ կը թափուի, հազիւ գոյնը զգալի դարձնելով այն դոյլին մէջ, ուրկէ պարպուած էր:
Դէպքերու դիմաց կը փորձուի մարդուն գիտութիւնը կամ մտապաշարը:
Պէտք չէ՛ զարմանալ, որ շատ ծանրակշիռ թուացող մարդոց պարագային ալ կարելի է հանդիպիլ կաթի օրինակին, այսինքն՝ երբ պատահի որ ոչինչ մնայ դոյլին մէջ:
Այս ալ, յորդորելու համար է անոնք, որոնք առհասարակ արտաքին երեւոյթներէ կը խաբուին: Շատ փորձառու կաթնավաճառներ միայն կրնան արտաքին տեսքէն իմանալ, թէ հրամցուած կաթը թա՞րմ է, թէ՞ հինցած, եւ կամ անապա՞կ է, թէ՞ ջրախառն: Այլապէս մնացեալ մարդիկ միշտ պէտք է համտեսեն, որպէսզի կարծիք տան ատոր մասին: Նոյն ձեւով ալ, եթէ փորձառութիւն չունինք, պէտք է նոյնիսկ մածուն թուացող թանձր հեղուկը համտեսենք, հաստատելու համար անոր թանձրութիւնը, այլապէս՝ թափուելէն ետք ի յայտ կու գայ անոր որակը:
Քաղուած՝ ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆի խորհրդածութենէն







All the contents on this site are copyrighted ©.