2013-09-11 10:00:27

Կարտինալ Շոնպորնի Կոչը Ի Նպաստ Սուրիոյ Խաղաղութեան եւ Արեւանգուած Եպիսկոպոսներու Ազատագրումին։


Վիէննայի Արքեպիսկոպոս եւ ''Վասն Արեւելքի'' հիմնարկի նախագահ` կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորն, Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներու հետ միասին կոչ մը հրատարակած է Միջին Արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն ի նպաստ եւ յատկապէս արեւանգուած երկու օրթոտոքս եպիսկոպոսներու ազատագրումի համար։
''Կը խնդրենք որ ամէն ջանք թափուի որպէսզի փախստականներն ու գաղթականները կարենան իրենց մայրենի երկիրը վերադառնան ու վերջ դրուի Սուրիոյ մէջ տիրող արիւնայեղութեան ու միջին արեւելքի մէջ հաստատուի քաղաքական կարգ մը որ յարգէ ամէն մէկ անհատի իրաւունքը, ու անոր կրօնի եւ գաղափարի ազատութիւնը'', գրած են Եկեղեցապետերը իրենց հրատարակած կոչին մէջ։Անոնք ապա ընդգծած են թէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները ընկերութեան հիմնական եւ անփոխարինելի տարր մըն են եւ ''վստահ ենք որ անոնք պիտի սատարեն կերտելու ընկերութիւն մը բնորոշուած` խաղաղութեամբ, յարգանքի եւ փոխադարձ հանդրժողութեամբ''։
Կոչը ստորագրուած է բացի Շոնպորն կարտինալէն, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներ որոնցմէ նշենք Անտիոքի օրթոտոքս Պատրիարք` Եուհաննա Ժ-էն, Ասորի օրթոտոքս Պատրիարք` Զաքքա Ա-էն, Յոյն Մելքիդ Գրիգոր Գ. Պատրիարքէն, Գաղտէացի Լուիս Ռաֆայել Ա. Սաքօ Պատրիարքէն, Ասորի Մար Տինքա Դ. Պատրիարքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.