2013-09-11 11:57:40

Թուրքիոյ Մէջ Ոստիկանութիւն Եւ Ցուցարարներու Միջեւ Բախումներ


ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Թրքական լրատուամիջոցներ Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին հաղորդեցին, թէ ոստիկանութեան հետ Անթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին, Երկուշաբթի օր վիրաւորուած 22ամեայ թուրք ցուցարար մը սպաննուած է:
Անգարայի, Պոլսոյ եւ Ատանայի մէջ եւս թրքական ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած էր՝ ցրուելու համար ցուցարարները, որոնք կը բողոքէին Անգարայի ուսումնական կեդրոններէն մէկուն տարածքին ծառեր կտրելու իշխանութիւններու ծրագիրներուն դէմ: Կիրակիէն Երկուշաբթի լուսցող գիշեր տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած էր շուրջ տասը մարդ:
Ատանայի մէջ քանի մը տասնեակ մարդ հաւաքուած էր Աթաթուրքի անուան այգիին մէջ, դէպի քաղաքի կեդրոն երթ կատարելու նպատակով: Երբ փողոցներէն մէկուն մէջ ոստիկանութիւնը փակած է ճամբան, ցուցարարները պատնէշներ հաստատած են եւ սկսած ոստիկաններու վրայ քարեր նետելու: Անոնց դէմ օգտագործուած են արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ՝ վիրաւորներ պատճառելով:
Պոլսոյ մէջ մօտաւորապէս հարիւր հոգի խարոյկ վառած է եւ պատնէշներով փակած երթեւեկը Իսմեթ փաշա պողոտային վրայ:
Անգարայի մէջ, ուսանողները քանի մը անգամ փորձած են դիմադրութիւն ցոյց տալ ոստիկանութեան, սակայն վերջիններս յաջողած են ցուցարարները ցրուել:








All the contents on this site are copyrighted ©.