2013-09-11 10:05:38

Դաշնակցային Գերմանիոյ Վարչապետը Մեծ Հիացում Տածած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անձին` Հովիւ Մը Շատ Մօտ Է Մարդոց Մտահոգութիւններուն։


Գերմանական կաթողիկէ մամլոյ գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետը` տիկին Անկելա Մերքել անվերապահօրէն յայտնեց որ ան մեծ հիացում ունի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի անձին ու գործունէութեան։։
Տիկին Անկելա Մերքել անցեալ մայիսին առանձնական տեսակցութիւն ունեցած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ ''Անոր անձին մէջ ճանչցայ Անձ մը լաւատեղեակ շատ մը հարցերու, Հովիւ մը շատ մօտ մարդոց ու անոնց մտահոգութիւններու ''։ Շատ պիտի ուզենայի դեր աւելի մօտէն ճանչնալ եւ արդէն կարդացի անոր ''զեկոյց գիրքը''։
Յայտնենք որ տիկին Անկելա Մերքել դուստր է աւետարանական հովիւի մը, ո՜րքան կ'ուզեմ քաջալերել եկեղեցիները ըլլալու ողջ ու մարդոց շատ մօտիկ, քրիստոնէութիւնը ճանչցնելու բոլոր մարդոց։ Ամէն ընկերութիւն ունի որպէս հիմ իր արժէքներն ու կանոնները, մատնանշած է հանրավար քրիստոնեաներու կուսակցութեան նախագահը։ Գերմանիոյ արմատները էութեամբ քրիստոնեայ են։ Անոր գնահատումով պետութեան դերը կը կայանայ եկեղեցիներուն երաշխաւորել անկաշկանդօրէն գործել ընկերութեան մէջ, քաղաքականութենէն անկախ։







All the contents on this site are copyrighted ©.