2013-09-11 10:06:36

Ամսդերտամի Հնագոյն Կամուրջներէն Մէկը Վերանուանուած է “Հայկական կամուրջ”


Ամսդերտամի հնագոյն կամուրջներէն մէկը վերանուանուած է ի պատիւ աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցներու՝ կոչուելով “Հայկական կամուրջ”:
17-րդ դարուն կամուրջը հայ առեւտրականներու մշտական անցուղին եղած է: Նախաձեռնութեան հեղինակը ծնունդով Երուսաղէմէն Նիկոլայ Ռոմաշուկն է, որուն մայրը ազգութեամբ հայ է: 1976 թուականին ան տեղափոխուած է Նիտերլանտ, բնակութիւն հաստատած հիւսիսային Ասեն քաղաքի մէջ: Այդ ժամանակէն ի վեր ան հոլանտահայ համայնքի գործունեայ անդամներէն է: Այս մասին կը յայտնէ yerkirmedia-ն։







All the contents on this site are copyrighted ©.