2013-09-10 12:19:10

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Գլխաւորեց Վատիկանի Վերին Իշխանութեան Վեհաժողովը։


Սրբազան Քահանայապետի այսօրուայ գործունէութեան յայտագիրը հուսկ շարունակուեցաւ ժամը 10-ին Վատիկանի Պոլոնիայ Սրահին մէջ կայացած Վատիկանի Վերին Իշխանութեան պատասխանատուներու Սրբազան Քահանայապետի գումարած վեհաժողովով որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր անմիջական օգնականներուն հետ քննարկել քահանայապետութեան առաջին վեցամսեայի ընթացքը ի տես նաեւ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերի գումարուելիք Կարտինալական Ժողովին (Քոնչիսդորօ) եւ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ հաստատուած ''ութեակ'' Կարտինալական յանձնախումբի անդրանիկ հանդիպումին որ տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերի սկիզբները։
Վերոյիշեալ վեհաբողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Վատիկանի Քաղաքապետարանի Նախագահը եւ Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոս կարտինալը։ Վեհաժողովը վերջ գտաւ ժամը 13-ին

Յայտնենք որ յետմիջօրէին Նորին Սրբութիւնը այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Յիսուսեաններու Ասդալլի Կեդրոնին որ փախստականներով կը զբաղի։








All the contents on this site are copyrighted ©.