2013-09-10 09:33:27

Ֆրանչիսկոս Պապի Այցելութիւնը Հռոմի Ասդալլի Կեդրոնին


Երեքշաբթի 10 սեպտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 15,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առանձնական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Ասդալլի կոչուած փախստականներու մէկ կեդրոնին, որ կը գտնուի Հռոմի կեդրոնական շրջանին մէջ եւ կը պատկանի Յիսուսեան հայրերուն։

Նորին Սրբութիւնը Ասդալլի կեդրոն կը հասնի ճիշդ այն պահուն ուր քաղաքական ապաստանութիւն խնդրող 400 գաղթականներ կեդրոն կը ժամանեն իրենց առօրեայ տաք կերակուրը ճաշակելու։ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ ներկաներուն հետ ու ապա կ՛ուղղուի ''Յիսուսի'' անուան Եկեղեցի աղօթելու համար Յիսուսեան Հայր Բէտրօ Արրուփէի դամբանին առջեւ որ եղած է Յիսուսեան միաբանութեան Ասդալլի կեդրոնի հիմնադիրը.

Ասդալիի Կեդրոնը հիմնուած է 1981-ին, Յիսուսեննաերու գաղթականներու ի սպաս առաքելութեան ծիրէն ներս, պաշտպաներու համար այն անհատներու իրաւունքը որ ստիպուած են պատերազմի, անարդարութիւններու եւ դժբախտութիւններու պատճառաւ հեռանալ իրենց երկիրներէն։ Կեդրոնը կը մատուցէ բազմազան ծառայութիւններ իր զանազան մասնաճիւղերով` յատկապէս Հռոմի Ասդալլի կեդրոնի ճաշարանը որ օրական 450 անհատի կերակուր կ՛ապահովէ։ Կեդրոնը ունի դարմանատուն, իտալերէնի դասընթացքի դպրոց եւ ընկերային սպասարկութիւն։ Վերջին տարեշրջանի ընթացքին կեդրոնէն անցան 21 հազար կարիքաւորներ մինչ այլ 13 հազար անձինք օգտուեցան Ասդալլի կեդրոնի Վիչէնցայի, Թրէնդողի, Գադանիայի եւ Բալէրմոյի մասնաճիւղերու շնորհած ծառայութիւններէն։
Յիսուսեաններու Գաղթականներու ի սպաս միջազգային ծառայութիւնը ունի միջազգային կազմակերպութեան հանգամանք եւ կը գործէ 50 երկիրներու մէջ։ Գաղթականներու ի սպաս Յիսուսեաններու Կազմակերպութիւնը գաղթականներուն եւ զանոնք ընկալող հասարակութիւններուն կ՛ընծայէ մարդկային եւ հովուական ծառայութիւն ներշնջուելով քրիստոնեայ հաւատքէն եւ յարգելով այլ կրօններն ու մշակոյթները։








All the contents on this site are copyrighted ©.