2013-09-10 11:13:33

Ս. Աթոռի ՄԱԿի մօտ Մնայուն Դէտը Խստիւ Քննադատած Է Զէնքի Վաճառքը ։


Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի` Ս. Աթոռի մնայուն դէտը Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ, 9 սեպտեմբեր 2013-ին, դատապարտած է բոլոր անոնք որոնք կը շահագործեն միջազգային տագնապները աւելի զէնք ծախելու կամքով։
Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի մատնանշած է այդ վաճառքէն յառաջ եկած հսկայական շահերը։ Զէնքի գործատուներու ու զինուորական հաստատութիւններու միջեւ սերտ կապը իրական է եւ մեծ ազդեցութիւն ունի քաղաքական գետնի վրայ` մասնաւորապէս յառաջադէմ մեծ պետութիւններու մօտ։ Յայտնենք որ Ս. Աթոռը երկար միշտ հակառակ կեցուածք ունեցած է զէնքի արտադրութեան ու վաճառքի դէմ։ Նշենք որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւս, անցեալ կիրակի 8 սեպտեմբերի կէսօրին, ''Հրեշտակ Տեառն'' մարեմեան աղօթքին ընթացքին, խստիւ դատապարտած է զէնքի ապօրինի վաճառքը պաշտպան հանդիսանալով Սուրիոյ ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.