2013-09-10 08:31:16

«Ս. Միքայէլ» Դպրեվանքի 50-ամեայ Յոբելեանի Հանդիսութիւն


Փոթորկաշունչ դարի փոթորկայոյզ ասպետը: Այսպէս կարելի է բնութագրել իր էութեամբ ազգային եւ համոզումներով կաթողիկէ, հայ մեծանուն կարտինալ, հայոց Ջաւախք աշխարհի երբեմնի ծաղկուն ոստան Ախալցխա գիւղաքաղաքի ծնունդ Ղազարոս Աղաճանեան (ծնեալ` 18 սեպտեմբեր 1895-ին):
Ան իր կեանքի ընթացքին յարատեւ ճամբորդելով տարբեր աշխարհներ, ձգտեցաւ բաւարարել իր մտքին ու հոգւոյն տենչանքը հանդիսացող արդար ու հաւասար աշխարհի մը կերտումը, ուր իր ազգն ու հայրենիքը հանգիստ ու ապահով կեանք մը ունենար: Հայրենիք հասկացողութիւնը կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանին ընկերակցեցաւ իր կեանքի ամբողջ ընթացքին: Խօսքը աւելի շատ հոգիի հայրենիքի մասին էր, որովհետեւ հայը խորհրդային կարգերու հաստատումովը կորսնցուցած էր եւ չէր գիտեր ուր գտնել զայն:
Աղաճանեանի մօտ ձգտումը կար հասնելու հոգեկան հայրենիքին, որ վերացական ու աղօտ էր, սակայն 1963-ին կը յստականայ, եւ այսպէս հայ կաթողիկէ համայնքին իր նիւթական օժանդակութեամբ ժառանգ ձգեց ինքնուրոյն դպրեվանք մը` փարատելով խեղճուկ ու անմխիթար վիճակը:
Սոյն դպրեվանքը 50 ձիգ տարիներու ընթացքին ազգին շնորհեց բազմաթիւ կուսակրօն վարդապետներ եւ ազգանուէր աշխարհիկ անձեր, որոնք ալ այսօր ուրախութեամբ կը նշեն անոր 50-ամեայ յոբելեանը:
Կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, դպրեվանքի շրջափակին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ դպրեվանքի արծաթէ յոբելեանը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի, նախաձեռնութեամբ «Ս. Միքայէլ» ընծայարանի տեսչութեան, ներկայութեամբ հոգեւոր, մշակութային, կրթական, մարզական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու նաեւ նախկին նորընծաներու եւ հոծ բազմութեան:
Հնչեցին լիբանանեան եւ հայկական քայլերգները, «Ս. Միքայէլ» դպրեվանքի քայլերգը ներկայացուցին ժառանգաւորները` «Օն, դու ակումբ հրեշտակաց»:
Բացման խօսքը արտասանեց ժառանգաւորներէն Գրիգոր Պոյաճեան:
Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի, սրինգի ընկերակցութեամբ Գէորգ Քէշիշեանի. անոնք ներկայացուցին ռազմահայրենասիրական երգերու ընտրանի:
Դպրեվանքը անաւարտ թողած, բայց միշտ համայնքին ծառայած Ալիշան քհնյ. Աբարթեան, Մանուէլ Քէշիշեան եւ Անտրէ Գոտունի դպրեվանքէն ստացած իրենց անմոռանալի տպաւորութիւնները փոխանցեցին ներկաներուն. անոնք ստացան յուշանուէրներ` համայնքին համար իրենց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումին համար:
Ապա, տեղի ունեցաւ Տիգրան Փիլիպպոսի եւ Գէորգ Ներսէսեանի պատրաստած տեսերիզի ցուցադրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէր դպրեվանքին պատմականը:
Կիսասարկաւագ Պարգեւ Պաշխընճի ներկայացուց 50-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձօն մը իր յօրինումով:
Ժառանգաւորները երկձայն երգեցին Աստուածամօր նուիրուած «Մնա մեր տան մէջ» տաղը:
Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսուչ` հայր Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան Դանիէլ Վարուժանի «Արեւելեան կողմն աշխարհի խաղաղութիւն թող ըլլայ» ստեղծագործութիւնը արտասանելէ ետք աւելցուց. «Արեւելքը լոյսն է աշխարհի, որմէ կը սնի քրիստոնէութիւնը: Արեւելքն է, որ կը մատակարարէ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան կղերականները»: Այնուհետեւ արեւելքի մէջ տիրող քաղաքական ճգնաժամին եւ այնտեղ բնակող հայութեան ապագային շուրջ խորհրդածելէ ետք շեշտը դրաւ դպրեվանքի կարեւորութեան վրայ` մարդկութեան համար ընդհանրապէս եւ հայ ժողովուրդին համար մասնաւորաբար` նշելով «Սփիւռքի տարածքին անկասկած հայապահպանութեան գրաւականները հաւատքն ու լեզուն են: Ահա թէ ինչու գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, մեր մատենագիրները նախ եւ առաջ կղերանոցներու կողքին կառուցեցին կաճառներ, ուր պիտի պատրաստուէին ապագայի ջահակիրները»: Հայր սուրբը աւելցուց. «Այսօր աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, արդ` համաշխարհայնացման յորձանուտը իր հմայնքներով կուլ պիտի տայ նորահաս սերունդը»: «Հոսանքին հակառակ թիավարելը եւ զայն մեր ազգին շահերուն համապատասխանեցնելը ազգովին մեր պարտականութիւնն է, ասոր համար անհրաժեշտ են պատրաստուած կղերականներ», եզրափակեց ան:
Ժառանգաւորներուն եւ ներկաներուն իր հայրական պատգամը ուղղեց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը` ըսելով. «Դպրեվանք կառուցել կը նշանակէ ապագայի քահանայ պատրաստել, քահանայ պատրաստել կը նշանակէ համայնքին գոյատեւումը ապահովել: Արդ, առանց քահանայի եկեղեցին չի գործեր: Անոր խորհուրդները մատակարարող չ՛ըլլար…»: Հոգեւոր տէրը դպրեվանեցիներու կազմաւորումը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց .
1. ժառանգաւոր ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ կոչին ընդառաջել:
2. Ապրիլ հասարակաց կեանք, ուր ժառանգաւորը հասարակութեան մէջ ինքզինք կը բացայայտէ:
3. Բանիմաց եւ զարգացած կղերական ըլլալ: որով կարելի կ՛ըլլայ ճիշդ ձեւով առաջնորդել հօտը:
Հոգեւոր տէրը վանքին մեծաւորը, տեսուչը եւ փոխտեսուչը, ինչպէս նաեւ ժառանգաւորները շնորհաւորելով եզրափակեց խօսքը:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու տուչութիւն: Սոյն պատուին արժանացան ամենապատիւ հոգեւոր տէրն ու վանքին մեծաւոր հայրը, ինչպէս նաեւ Հռոմի քահանայապետական «Լեւոնեան» վարժարանի մեծաւոր հ. Գէորգ Ծ. վրդ. Նորատունկեան. վերջինիս յուշանուէրը ստացաւ վարժարանի փոխտեսուչ հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:
Անոնք միասնաբար հատեցին կարկանդակը:
Ներկաները հոգեւոր տիրոջ, Զմմառու մեծաւորին, ընծայարանի տեսուչ հ. Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին եւ փոխտեսուչ հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանին իրենց շնորհաւորանքները փոխանցեցին հիւրասիրութեան ընթացքին:

Քաղուած` Ազդակ- էն ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.