2013-09-09 13:21:08

ֆրանսայի Բողոքական Եկեղեցին Կը Զգուշացնէ Նախագահ Հոլլանտը Սուրիոյ Դէմ Զինեալ Ներխուժում Կատարելէ։


ֆրանսայի բողոքական դաշնակցութեան նախագահը վերապատուելի Գլավերոլի զգուշացուցած է նախագահ Հոլանտին զինեալ մջամտութիւն կատարելէ Սուրիոյ դէմ։ Նման նախաձեռնութիւն մը ոչ միայն պիտի չլուծէ երկրի զինեալ ընդհարումը այլ ծայրայեղութեան պիտի մղէ իւրաքանչիւր խումբին քաղաքական ու կրօնական դիրքերը։
Ան ցաւով դիտել կու տայ ՄԱԿԻ անզօրութիւնը լուծում գտնելու զինեալ ընդհարումին եւ ԱՄՆի ու ֆրանսայի կամքը նախաձեռնելու զինեալ միջամտութիւն մը Սուրիոյ կառավարութեան դէմ, որուն առաջին զոհերը պիտի ըլլան անմեղները։ Բողոքական եկեղեցին կը հրաւիրէ ֆրանսայի նախագահը անխոնջ գործելու Սուրիոյ խաղաղութեան ու հաշտութեան համար եւ միաժամանակ կը հրաւիրէ նախագահը ֆրանսայի դռները աւելի բանալու սուրիացի գաղթականներուն, որոնց թիւը հասած է չորս միլիոնի երկրէն ներս եւ շուրջ երկու միլիոն երկրէն դուրս։







All the contents on this site are copyrighted ©.