2013-09-09 12:21:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 9 Սեպտեմբերի Թուիթները։


''Յոյսը չի կորսնցնել եւ ընտրել բանակցութեան ճանապարհը''

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով խաղաղութեան ի սպաս իր յանձնառումը այսօր եւս իր թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց երկու թուիթներ որուն առաջինին մէջ կը գրէ ''Երբեք չենք կրնար յոյսը կորսնցնել։ Աստուած մեզ իր շնորհքներով կը լիացնէ եթէ զայն խնդրենք յարատեւութեամբ։
Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ Սրբազան քահանայապետը հրաւէր կ՛ուղղէ բանակցութեան ճանապարհը ընտրելու '' Կը խնդրեմ որ քաջութեամբ եւ վճրակամութեամբ ընդգրկուի բանակցութեան եւ հանդիպումի ճանապարհը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.