2013-09-09 13:19:53

Սուրիոյ Քրիստոնէական Մաալուլա Գիւղը Վտանգուած է


«Ալ Քաիտա»-ի «ֆրնթ Նուսրա» խմբաւորումը գլխաւորող ապստամբները գրաւած են քրիստոնէական հին Մաալուլա գիւղը: Այս մասին կը յայտնէ BBC-ն:
Ըստ ապստամբներուն` իշխանական զօրքերը ետ մղուած են Մաալուլայէն: Պետական լրատուամիջոցներու համաձայն բախումները կը շարունակուին: Կառավարական եւ ընդդիմադիր զօրքերու բախումներուն ընթացքին բնակիչները զանգուածաբար կը լքեն գիւղը:








All the contents on this site are copyrighted ©.