Այսօր 9 սեպտեմբերի առաւօտեան Ռատիովատիկանի հայկական բաժինը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ
գերապատիւ Հայր Գէւորգ Վրդ Ասատուրեանի հետ` Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ
Ժողովրդապետ որ ընդառաջած էր ֆրանչիսկոս Պապի հրաւէրին աղօթելու Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի
խաղաղութեան համար եւ անցեալ շաբաթ 7 սեպտեմբերին եւ կիրակի 8 սեպտեմբերին կազմակերպած
էր խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի արարողութիւններ։ Ունկնդրենք անոր վկայութիւնը։